Սուրիոյ նախագահութեան լրատուական եւ քաղաքական խորհրդատու Պուսայնա Շաապան Մայատինի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը զօրավար Սուլէյմանիի սպանութեան պատասխաններէն մէկն էր», շեշտելով, որ Սուլէյմանի ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Իրաքի, ե՛ւ ողջ աշխարհի ազատատենչներուն նահատակն է: Սիւլէյմանիի նահատակութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ բոլոր ազատատենչները մէկտեղուին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

Շաապան յայտնեց, որ Փութինի Դամասկոս այցելութիւնը, յատկապէս մայրաքաղաքին մէջ իր շրջագայումը, Օմայատ մզկիթ ու ալ Մարիամիէ եկեղեցի այցելութիւնը մէկէ աւելի նշանակութիւն ունին:

Շաապան դիտել տուաւ, որ Փութինի այցելութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակութեան երկու երկիրներու վճռակամութիւնը կը հաստատէ: Ապա աւելցուց, որ Իտլիպի ազատագրման որոշումը վճռական է: