Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիրներ յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիին` Իրանի Ուքրանիոյ միջազգային օդակայաններու ընկերութեան օդանաւի աղէտին համար:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին,որ նախագահ Սարգսեան իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: