«Այս օրերը Օգոստոս Կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ (Այս առաջին ախարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատեն)…» (Ղկ 2.1-21)։
Այս տողերը մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ մարդկային ցեղի պատմութեան, փոխյարաբերութեան մէջ իշխանութիւն ունեցող անձնաւորութիւն էր Օգոստոս Կայսրը։ Իր կուսակալութեան օրերուն, մարդկային արդարամտութենէն, դատողութենէն եւ աշխարհագիրը մտնելու հրաւէրէն կախեալ էին տեղի ունենալիք դէպքերը, սակայն, երբ հաւատքի աչքերով դիտուած կը հետեւինք դէպքերուն յաջորդականութեան, մենք կը տեսնենք, թէ Օգոստոս Կայսրը, մարդկութեան վրայ իշխանութիւն ունեցողն էր, մինչդեռ մարդկային սեռի պատմութիւնը եւ բովանդակութիւնը իր ձեռքերուն մէջ բռնողը՝ Յաւիտենական Աստուածն է։
Հո՛ս, Աստուծոյ անբաժանելի եւ բացարձակ կամքն է, որ աշխարհի վրայ ի գործ կը դրուի, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աւետիսը յատուկ ձեւով կը տրուի՝ շատ յատուկ մարդոց միջամտութեամբ։ Սոյն խորհրդածութեան ընդմէջէն, պիտի տեսնենք, թէ Աստուծոյ սրտի որքան մօտիկ ծրագիր էր, Իր Աստուածութիւնը յափշտակութիւն չսեպել, երկնքի մէջ պահուելու ու պահպանուելու ջանասիրութեան մէջ չմնալ, եւ աշխարհ գալ, որպէսզի մարդուն հետ ըլլայ, ու յատուկ ծրագիրով մարդը դէպի զԻնք հրաւիրէ։
Աստուծոյ ծրագիրը իրականութեան եւ ամբողջականութեան կը հասնի, երբ որ դրականապէս անդրադարձ կ’ունենանք մեզի տրուած աւետիսին, պատգամին եւ նախաձեռնութեան։
Ի՞նչ էր նախաձեռնութիւնը:
Նախաձեռնութիւնը, որ Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, մարդկօրէն անտէր-անտիրական ծնունդով, մսուրին մէջ խանձարուրի մէջ փաթուած, եւ Ան մարդացաւ ու մարմնացաւ՝ մարդոց մեղքերուն փրկութիւն շնորհելու, անոնց միտքը խաղաղեցնելու եւ անոնց հոգիի ու մտքի անդորրութիւնը պահելու։ Այս լուրը հրեշտակներուն կողմէ հովիւներուն տրուեցաւ, եւ ո՛չ թէ Օգոստոս Կայսեր, կամ իր կուսակալութեան մէջ եղող արքունիքի պատասխանատուներուն։
Որո՞նք են հովիւները:
Անոնք ընկերութեան մէջ կը կազմեն այն պարզ խաւը, որ դէպքերու մեկնաբանութեան մէջ անկեղծ եւ խիզախ է։ Ուրեմն Աստուած մարդկութեան մէջէն կ’ընտրէ այն հատուածը, որ ե՛ւ թափանցիկ է, ե՛ւ անկեղծ, եւ հարազատ ու միանգամայն խիզախ՝ ճշմարտութիւնը բաժնելու եւ բաժնեկցելու համար։ Հրեշտակները, երբ այս հովիւներուն աւետիս կու տան կ’ըսեն. «Տիրոջ փառքը անոնց բոլորտիքը կը ծագի»։ Ուրեմն այս ծագումը այնպիսի մթնոլորտ եւ կենսոլորտ մը կը տեղծէ, որուն մէջ ծնունդ կը ստանայ տրուելիք պատգամը։
Այսօր, այս պատգամը որքա՞ն մատչելի է, յատկապէս պատերազմներ ապրող ժողովուրդներուն եւ ազգերուն համար։ Եթէ մենք լուրերուն, օրաթերթերուն, տպաւորութիւններուն եւ հաղորդագրութիւններուն հետեւինք, պիտի տեսնենք թէ շատ մը երկիրներ պատերազմներու մէջ են, եւ որքա՜ն մահեր ու միջազգային տագնապներ կան։ Մենք պիտի տեսնենք շատեր, որոնք, իրենք-զիրենք մեծ պետութիւններ, նախագահներ, թագաւորներ կամ իշխանութիւն ունեցողներ հռչակելով պատգամ կ’ուղղեն, խաղաղութեան դաշինք կը կնքեն։ Երկիրներու եւ պետութիւններու վիճակուա՞ծ է սովորական մարդոց կեանքին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնելը։ Անոնք, զիրենք շահագրգռող մտածումներով եւ ծրագիրներով, մարդու սրտին մէջէն վախը վերցնել կը փորձեն։ Արդեօք կը յաջողի՞ն…։ Այո՛, անոնք հաւանաբար կրնան ցամաքէն, ծովէն եւ օդէն եկած վտանգները կասեցնել, սակայն, կրնա՞ն մարդու սրտին մէջ ծնած եւ ուռճացած վախը կասեցնել։ Բացարձակապէս՝ ո՛չ։
Այսօր մարդու սրտին մէջ ծնած մեծագոյն վախը, ո՛չ թէ իր դէմ տեղի ունենալիք պատերազմներու յայտարարութիւնն է, այլ անորոշութեան դէմ ստեղծուած վախն է։ Ապագային մէջ, իր բանականութեամբ եւ իմացականութեամբ գուշակել չկարենալու բերումով ստեղծուած վախը։ Մութ ապագան եւ անկանխատեսելի պատահարները չգուշակելու վախը խտացուած մտահոգութենէն կը ծնի։ Երբեմն ալ անձնասիրութեամբ մղուած վախեր կ’ապրինք։ Վախ՝ մեր եսասիրութենէն, փառասիրութենէն, ընկերութեան մէջ մեր հանգամանքը կորսնցնելէ, եւ այլն…։ Այս վախերը մեզ, իրենց հոլովոյթին մէջ յափշտակելով, գերի կը դարձնեն։
Ինչպէ՞ս պիտի ձերբազատինք այս վախերէն։
Սիրելինե՛ր, հրեշտակը կը խոստանայ մեծ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն բերել։ «Ուրախութիւն» եւ «խաղաղութիւն» բառերը, եբրայերէնի մէջ ալ նոյն արմատները ունին եւ այդ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնք հրեշտակին միջոցաւ Տէրը մեզի կը խոստանայ, ո՛չ պատերազմներու բացակայութիւնը, ապագան գուշակելը, գործերուն մէջ յաջողութիւն ձեռք բերելը կը խորհրդանշեն, ոչ ալ մեր շրջապատին հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելու կը ծառայեն, այլ ամբողջական վիճակ մը ստեղծելու նկարագրութիւնը կը բոլորեն՝ նիւթաբարոյականի, հոգեբանականի եւ իմացականի իմաստով։ Եւ ո՞վ ունի այդ խոստումը։ Ո՞վ պիտի կրնայ այդ խաղաղութիւնը պարգեւել, նիւթապէս մեզի բարօր կեանք մը նուիրել, մտքով մեզ խաղաղեցնել, մեր զաւակներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ ունեցած ծրագիրները յաջողութեամբ պսակել, մեր մեծնալու եւ տարածուելու մարմաջը իրականացնել, մեր եկեղեցիներուն ու եկեղեցական միութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները հարթել, ու իրապաշտօրէն մեր ազգային ինքնութիւնը վտանգէ պահել։
Սիրելի՜ հաւատացեալներ, մտքի եւ սրտի խաղաղութիւնը կը գերադասէ ֆիզիքական խաղաղութեան։ Ուրեմն, աղօթե՛նք որ Աստուած, ո՛չ թէ միայն պատերազմները դադրեցնէ, չարերը եւ իրենց չարիքները մեզմէ հեռացնէ, այլ աղօթե՛նք, որ Աստուած մեզի սրտի եւ մտքի խաղաղութիւն տայ՝ մեր ապրած տագնապին, ելեւէջներուն եւ անորոշութիւններուն մէջ, որովհետեւ երբ անձը խաղաղ կ’ըլլայ, իր շուրջը գտնուող մթնոլորտն ու կենսոլորտը կը խաղաղի։
Սիրելինե՜ր, հրեշտակը ձեռքերուն մէջ կախարդական գաւազան չունէր, եթէ այդպէս ըլլար երկիրը կը կախարդէր եւ կ’ըսէր. «Խաղաղէ՜, ով երկիր, որովհետեւ քու Մեսիան քեզի կու գայ»։ Հրեշտակը եկաւ եւ հովիւներուն ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, վասնզի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ»։ Որո՞ւն տրուած էր այս լուրը։ Միայն լուր ստացող հովիւներո՞ւն, միայն մէկ համայնքի՞, միայն մէկ եկեղեցիի՞, կամ միայն մէկ ազգի՞։ Ո՛չ։ Աստուծոյ երկնային պատգամին մէջ համայնութիւն եւ բոլոր ժողովուրդները իր քով համախմբելու ծրագիր կար։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի այս պատգամը, բոլոր ազգերը՝ իրենց կենցաղի, լեզուական եւ մշակոյթի տարբերութիւններով, համախմբելու եւ մէկտեղելու ուժականութիւնը ունի։ Հետեւաբար, Ծնունդի պատգամը մեզ համախմբող ազդակ թող ըլլայ։
(Յովհաննու 3.16)-ը նոյն ոճով կ’արտայայտուի. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչ իր միածին որդին տուաւ…», եւ հրեշտակը՝ նոյն թելադրութեամբ կու գայ ու կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, ահա՛ ես ձեզի մեծ աւետիս մը պիտի տամ, որ բոլոր ժողովուրդներուն պիտի ըլլայ»։
Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Աստուծոյ աչքով դիտուած մարդկութիւնը հաւասար է։ Մենք այսօր եղբայրասիրութեան հրաւիրուած ենք, յատկապէս, մեր շուրջը գտնուող, մեզմէ տարբեր մտածողութիւն ունեցող, եւ մեր ազգայնական շաղկապէն դուրս ձգուած ժողովուրդը սիրելու, յարգելու եւ անոր հետ մեր բարիքները բաժնելու։
Թող Ամենակալն Աստուած օրհնէ մեր ընտանիքները, մեր ժողովուրդը, մեր եկեղեցիները եւ մեր ազգը։ Թող մեզի տայ այն ուժը, որ այս ուրախ առիթով, անվախ եւ վստահութեամբ, մենք զմեզ ողջունենք եւ ըսենք՝ «Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»։
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ
Աւետարանական Համայնքի