Մէկ ազգ, մէկ պատմութիւն, մէկ մշակոյթ…
Բայց՝ երկո՞ւ լեզու:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ երկու լեզուաճիւղ, երկու հնչելաձեւ, երկու գրելաձեւ, երկու գրականութիւն: Տակաւին՝ երկու ապրելակերպ եւ այլ երկուութիւններ:
Ինչպէ՞ս ուրեմն՝ մէկ մշակոյթ, մէկ պատմութիւն, մէկ ազգ:
Սա՛ է սակայն մեր իրականութիւնը, որ իրաւամբ մեզ կը մղէ հարցականի տակ դնելու մեր այդ «մէկութիւն»ը: Ի վերջոյ, այսօր նոյն հողին վրայ ալ չենք ապրիր, նոյն պետութեան քաղաքացիներն ալ չենք, ապա ինչպէ՞ս կը յաւակնինք տակաւին «մէկ» ըլլալ:
Խոստովանիմ ի սկզբանէ, որ այս հարցին մէջ չէզոք մը չեմ. «կողմ» եմ, ջատագովն եմ այդ տարօրինակ, անհաւանական, գուցէ նաեւ անկարելի թուող մէկութեան, ուստի անկողմնակալ չեմ կրնար ըլլալ, որքա՛ն ալ անաչառ փորձեմ մնալ:
Այս գրութեամբ կ’ուզեմ խօսիլ մեզ բաժնող (բայց թերեւս եւ աւելի հաւանաբար՝ միացնո՛ղ) մէկ ազդակի մասին, որ ինչպէս բարձրաձայն կը ծանուցէ վերնագիրը՝ լեզո՛ւն է: Չկա՞ն այլ բաժանարար ազդակներ եւս: Անկասկա՛ծ: Բայց այսօր կ’ուզեմ կեդրոնանալ լեզուի՛ն վրայ, որ կրնայ նաեւ, ի հարկէ, նկատուիլ միացման ազդակ:
Ճիշդ է, ունինք երկու լեզուաճիւղ՝ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, որոնցմէ առաջինը կը գործածուի առաւելաբար Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութեան ժառանգորդներուն կողմէ, բայց նաեւ հետզհետէ հայրենադարձ սփիւռքահայութեան կողմէ՝ հայրենիքի մէջ. իսկ երկրորդը՝ առաւելաբար հայրենիքի մէջ (Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններ, Ջաւախք), բայց հետզհետէ աւելի ու աւելի նաեւ Սփիւռքի մէջ՝ պարսկահայերուն թէ հին կամ նոր ժամանակներու արտագաղթած հայերուն կողմէ: Երկու լեզուաճիւղ, որոնք սակայն սերած են նոյն ակունքէն՝ գրաբարէ՛ն:
Երկու լեզուաճիւղերն ալ զարգացան ԺԹ. դարու կէսերէն սկսեալ, մշակուեցան ու դարձան մեր գրաւոր հաղորդակցութեան միջոցները՝ փոխարինելով Ե. դարէն մեզի ժառանգ հասած գրաբարը: Պոլիս ու Թիֆլիս, երկուքն ալ հայրենի հողէն հեռու, հանդիսացան երկու լեզուաճիւղերու քուրաները, առաջինը՝ այն ատեն մեծամասնութիւն կազմող արեւմտահայութեան համար եւ երկրորդը՝ փոքրամասնութիւն կազմող արեւելահայութեան գրաւոր լեզուներուն՝ արեւմտահայերէնին ու արեւելահայերէնին:
Թէ ինչպէ՛ս եղաւ այդ երկուորեակ ծնունդը, ինչպէ՛ս նոյն գրուող լեզուն ծնունդ տուաւ երկու խօսուող լեզուներու (ո՛չ՝ լեզուաճիւղերո՛ւ) գրականացման, այսինքն՝ աշխարհաբարի երկու տարբերակներու ստեղծման, հետեւանք՝ պատմական իրադարձութիւններու, ատիկա արդէն դուրս կու գայ այս յօդուածի սահմաններէն: Կարեւոր է նշել սակայն, որ իրենց բազմաթիւ տարբերութիւններով հանդերձ, անոնք չվերածուեցան երկու տարբեր լեզուներու, ինչպէս լատիներէնէն սերած ֆրանսերէնն ու իտալերէնը, որոնց բառերու արմատներէն շատերը նոյնպէս նոյն ակունքէն եկած են, սակայն բառերը ստացած են տարբեր տեսք ու հնչիւն: Արեւմտահայ մը եւ արեւելահայ մը դիւրաւ կրնան հաղորդակցիլ իրարու հետ, հասկնալ ու հասկցուիլ, նոյնիսկ եթէ որոշ բառերու հակադիր իմաստները ծիծաղելի կացութիւններ ստեղծեն, օրինակ՝ «ձգել»ը, որ մէկուն համար թող տալ կը նշանակէ, իսկ միւսին համար՝ քաշել, մինչ նոյնը չէ պարագան ֆրանսացիին ու իտալացիին, կամ սպանացիին եւ այլոց: Արդարեւ, իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ նոյնն է բառապաշարը մեր երկու լեզուաճիւղերուն, նաեւ փոքր տարբերութեամբ նոյնն են քերականութիւնն ու շարահիւսութիւնը, իսկ այդ տարբերութիւնները չեն խանգարեր փոխադարձ հասկացումը:
Կան հիմնական տարբերութիւններ, որոնց սակայն չենք կրնար չանդրադառնալ:
Առաջինը՝ հնչումը: Փաստօրէն, արեւմտահայերէնը, բաղդատմամբ գրաբարին, նահանջած է հայերէնի հնչման դաշտին մէջ: Կորսնցուցած ենք եռաստիճան հնչիւն ունեցող ձայներու ճիշդ արտաբերումը (զոյգ ճիւղերուն մէջ շնչեղ խուլ՝ փ, ք, թ, ց, չ / արեւլ.՝ ձայնեղ խուլ, արեմտ.՝ նոյնպէս շնչեղ խուլ՝ բ, գ, դ, ձ, ջ / արեւլ.՝ խուլ պայթական, արեւմտ.՝ ձայնեղ պայթական՝ պ, կ, տ, ծ, ճ), որուն պատճառով արեւմտահայերէն խօսողը զանազանութիւն չի դներ առաջին երկու խումբերու ձայներու արտասանութեան մէջ: Ատկէ ալ կը ծագի ուղղագրական դժուարութիւնը, իսկ արեւմտահայու մը եւ արեւելահայու մը խօսակցութեան ընթացքին երկրորդ ու երրորդ խումբի ձայներով բառերը կրնան սխալ հասկցուիլ (օրինակ՝ բադ եւ պատ): Այս խնդիրը արեւմտահայերէնին մէջ նաեւ կը ստեղծէ տառադարձութեան դժուարութիւն:
Երկրորդը շեշտն է, որ կը տեղափոխուի վերջին վանկէն վերջընթեր վանկին վրայ, նոյնպէս դժուարացնելով փոխադարձ հասկացումը: Այս երեւոյթը, վստահաբար հետեւանք օտար լեզուներու ազդեցութեան, կը վերաբերի յատկապէս հայրենի պատկերասփիւռի լրատուական հաղորդումներուն, սակայն Սփիւռքն ալ զերծ չէ նման մեղանչումէ:
Երրորդ եւ ամէնէն մեծ տարբերութիւնը՝ ուղղագրութիւնը: Արեւմտահայերս կը շարունակենք գրել իբրեւ «դասական» կամ «Մեսրոպեան» ճանչցուած ուղղագրութեամբ, իսկ արեւելահայերը (նախկին խորհրդահայերը, բայց ոչ պարսկահայերը)՝ «Աբեղեանական» կամ «արդի» ճանչցուած ուղղագրութեամբ:
Ինչպէ՞ս շրջանցել այս տարբերութիւնները…
Զիրար աւելի լաւ ճանչնալով, իրարու հետ խօսելով ու իրարու գրելով, լեզուական տարբերութիւններուն լաւապէս ծանօթանալով, կարդալով միմեանց մամուլն ու գրականութիւնը եւ ընտելանալով մէկը միւսին հնչելաձեւին, գրելաձեւին: Ասոնք կրնա՞ն օր մը, տեղ մը միանալ՝ երկու լեզուաճիւղերու պարագային: Կը յուսամ անհնար չէ ասիկա, եւ ցանկութիւնս պիտի ըլլար, որ արեւմտահայերը վերատիրանային հայերէնի ճիշդ հնչումին, արեւելահայերը՝ ճիշդ ուղղագրութեան: Այո՛, ես ջատագովն եմ նաեւ վերադառնալու դասական ուղղագրութեան, սակայն գուցէ այդ եւս բարեկարգման կը կարօտի, որպէսզի հնչելաձեւն ու գրելաձեւը համապատասխանեն իրարու. օրինակ՝ կը գրենք «հայ» ու «բայ» եւ կը հնչենք բառավերջի յին, իսկ «տայ» ու «կայ» եւ զայն չենք հնչեր…
Այստեղ վերջապէս կ’ուզեմ խօսիլ ծրագիրի մը մասին, զոր տարիներէ ի վեր կը փայփայեմ, եւ յոյսս է, որ մօտ ատենէն իրականացման ճամբուն մէջ կը մտնէ: Այդ՝ հայերէնի արդի բացատրական առցանց բառարան մըն է, կենսակա՛ն բառարան մը, որ անվճար մատչելի ըլլայ բոլորին, որ երկու լեզուաճիւղերը պարփակէ եւ ունենայ մէկէն միւսին, ինչպէս նաեւ մէկ ուղղագրութենէն միւսին անցնելու դիւրութիւնը, բովանդակէ բոլոր բայերու խոնարհումները եւ խնդրառութիւնները, բոլոր անուններու եւ դերանուններու հոլովումները, գործածութեան օրինակները, հոմանիշներն ու հականիշները, հնչիւններն ու ձայնական արտաբերումները եւ այլն, եւ այլն: Ասիկա պիտի հանդիսանայ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տիպար օրինակ մը եւ պիտի նպաստէ մեր փոխադարձ ծանօթացման ու մերձեցման: Գործնական քայլ մը՝ խօսքէն գործի անցնելու համար: Եւ՝ պէտք պիտի ունենայ բոլորի՛դ աջակցութեան:
Այո՛, սիրելի Շիրազ հանգուցեալ, «Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում»
Վրէժ-Արմէն