ՏԵՂԱԿԱՆ
 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԱԼԷՊԻ ԻԹԹԻՀԱՏԸ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ  ԲԱԺԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Չորս ամսուան տեւողութեան կայացած Սուրիոյ Հանրապետական բաժակի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, ախոյեան հռչակուեցաւ Հալէպի Իթթիհատը, որ քսան տարի ետք յաջողեցաւ բաժակը վերադարձնել Հալէպ:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի «Ալ Ֆէյհաա» մարզադաշտին մէջ, Իթթիհատի մրցակիցն էր Հոմսէն ժամանած «Ուասպէ»ն: Աւելի քան հինգ հազար մարզասէրներու ներկայութեան, «Իթթիհատ»ի տղաքը կրցան 70-69 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակիցը: Հանդիպումը ընթացաւ հաւասար խաղարկութեամբ, որուն վերջին երկվայրկեաններուն յաղթական խումբը յստակացաւ: Յիշենք որ «Իթթիհատ» աւարտական մրցումին հասաւ պարտութեան մատնելով «Ճալաա»ը 75-81 արդիւնքով, իսկ «Ուասպէ»ն Դամասկոսի մէջ կրցաւ յաղթել «Ուահտէ»ին 70-77 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ 2019 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ 222 ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ 
Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ Նախարարութեան կայքէջը յայտարարեց, որ 2019 տարեշրջանին հայ մարզիկները Եւրոպայի եւ համաշխարհային բոլոր տարիքային մրցումներուն ընթացքին յաջողեցան նուաճել ընդհանուր առմամբ 222 մետալ՝ 61 ոսկի, 84 արծաթ, 77 պրոնզ: Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանի կոչումներուն արժանացան ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Յակոբ Մկրտչեան, Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ սամպիստ Տիգրան Կիրակոսեան եւ ազատ ոճի ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան, եւրոպական խաղերու ախոյեան դարձան նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, բռնցքամարտիկներ՝ Յովհաննէս Փաչկով, Արթուր Յովհաննէսեան, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան եւ սամպիստ Տիգրան Կիրակոսեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԱՐՍԵՆԱԼ ՄԵՐԺԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՌՈՄԱՅԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ 
Ռոմա, գնահատելով Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանի խաղը, փափաք յայտնեց վարձառական շրջանի աւարտին հայ մարզիկը վերջնականապէս միացնել իտալական ակումբին, եւ անոր համար Անգլիոյ Արսենալին ներկայացուց իր առաջարկը, սակայն ըստ Forza Roma-ի, առաջարկը մերժուեցաւ անգլիական ակումբին կողմէ: Աղբիւրին համաձայն, Ռոման 10 միլիոն եւրոյի առաջարկ ներկայացուցած է լոնտոնեան ակումբին: Արսենալ Հենրիկի փոխադրութեան համար պահանջած է նուազագոյնը 15 միլիոն եւրօ:
ՄԻԼԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՊՐԱՀԻՄՈՎԻՉԸ
 Շուէտի հաւաքականի նախկին խաղացող Զլաթան Իպրահիմովիչ պաշտօնապէս վերադարձաւ իր նախկին ակումբ՝ Միլան: Իտալական խումբը 2 Յունուարին ներկայացուց ֆութպոլիստը: Նախապէս խումբը տեղեկացուցած էր, որ Իպրահիմովիչին պայմանագիրը Միլանի հետ նախատեսուած էր մինչեւ 2020 թուականի 30 Յունիս՝ 3,5 մլն եւրոյով: Միլանի հետ Իպրահիմովիչ հանդէս պիտի գայ 21 թուակիր  մարզաշապիկով:
Յիշեցնենք, որ Զլաթան նախապէս հանդէս եկած է Միլանի հետ 2010-2012 թուականներուն: 2018-ի Մարտէն մինչեւ 2019-ի Նոյեմբեր Իպրահիմովիչ մաս կը կազմէր «Լոս-Անճելոս Կալաքսի»ի կազմին: MLS-ի աւարտած մրցաշրջանին շուէտացի խաղացողը իր մաս կազմած 31 մրցումներուն նշանակեց 31 կոլ, ինչպէս նաեւ դարձաւ 8 կոլի հեղինակ:
2019-Ի ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ՃԱՆՉՑՈՒԵՑԱՆ ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻՆ ԵՒ ՍԻՄՈՆԱ ՓԱՅԼՍԸ 
Մարզական Լրագրողներու Միջազգային Միութեան՝ AIPS-ի կատարած քուէրկութեան համաձայն, 2019-ի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Արժանթինի հաւաքականի եւ Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Լիոնէլ Մեսսի, իսկ լաւագոյն մարզուհի՝ ամերիկացի մարմնամարզուհի Սիմոնա Փայլս: Այս մասին յայտարարութիւն տեղադրուած էր միութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Քուէարկութեան մասնակցութիւն բերին 102 երկիրներէ 331 լրագրողներ: Լիոնէլ Մեսսի ստացաւ ձայներու 13,11 տոկոսը՝ առաջ անցնելով քենիացի վազորդ Էլիուդ Կիպչոքէէն (12,01 տոկոս): Երրորդ տեղը գրաւեց սպանացի թենիսիստ Ռաֆայէլ Նատալ (9,38): Սիմոնա Փայլս դարձաւ առաջին մարզուհին, որ ստացաւ 15,04 տոկոսանի ձայն: Հարցումներու պատասխաններուն հիման վրայ, երկրորդ տեղը գրաւեց ամերիկացի ֆութպոլիստ Մեկան Ռապինօ (13,51), իսկ երրորդ՝ ճամայքացի աթլեթի Շելի-Էն Ֆրեյզըր-Պրայս (11,01):
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան