«Արցախփրէս».-Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան հանդիպումի հրաւիրած է Արցախի քաղաքական ուժերն ու գործիչները:
Պարգեւ արք. յայտնած է է, որ քաղաքական պայքարի այս փուլէն Արցախը պէտք է դուրս գայ աւելի ուժեղացած եւ ոչ թէ պառակտուած: Արցախի հոգեւոր հայրը քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղած է պատասխանատուութեամբ աշխատելու:

«Մարտ 2020 թուականի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ: Ես` որպէս արցախցիներու հոգեւոր հայր, ամէն ինչի համար պատասխանատուութիւն կը կրեմ Աստուծոյ առջեւ եւ կը փափաքիմ, որ մեր այս ընտանիքին մէջ ամէն ինչ հաշտ ու համերաշխ ըլլայ: Ես թոյլ չեմ տար խրամատ փորել իմ զաւակներուն միջեւ», ըսած է Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:

Արքեպիսկոպոսը աւելցուցած է, որ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները պէտք է սիրոյ եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ ընթանան: