Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի Սէպիլ, Թշրին, Շահպաա, Ճտէիտէ, Խալտիէ եւ Նիլ թաղամասերուն ուղղութեամբ:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ հրթիռակոծումներու հետեւանքով արձանագրուած է 3 զոհ, 3 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ:
Յիշենք, որ Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակած էին Հալէպի Միջազգային Օդակայանին, Նէյրապի զինուորական օդակայանին շրջակայքը, ինչպէս նաեւ Մընիէն գիւղին ուղղութեամբ: