«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մէջ պարտադիր ժամկէտային զինծառայութեան ընթացքին 24 Ապրիլ 2011-ին սպանուած հայ քաղաքացի Սեւակ Պալըքչըի մասին դատարանը նոր որոշում ներկայացուցած է:
Սեւակի ծառայակից Քըւանչ Աղաօղլուն դիտաւորեալ սպանութեան մեղադրանքով 16 տարի 8 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է : Աղաօղլուին կալանաւորած են դատական նիստի ընթացքին: Սեւակ Պալըքչըի դատական գործը կրկին քննութեան դրուած էր 2018-ին:
Պալըքչըն սպանուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին Թուրքիոյ Պաթում նահանգի Քոզլուք շրջանին մէջ թուրք զինուոր Քըւանչ Աղաօղլուի արձակած կրակոցէն:
2013-ին դատարանին ընդունած որոշումին համաձայն, Աղաօղլուն արաքը որակուած էր ոչ թէ դիտաւորեալ, այլ` զէնքի հետ անփոյթ վարուելու հետեւանքով կատարուած սպանութիւն: Եւ ան դատապարտուած էր 4,5 տարուան բանտարկութեան:
Սակայն Պալըքչըի ընտանիքը վերոնշեալ որոշումին համար բողոք ներկայացուցած էր: Վերաքննիչ դատարանը բաւարար նկատած էր բողոքին դիմումը:
15 Յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի փորձէն ետք , երկրին մէջ վերացուեցա բոլոր զինուորական դատարանները, Սեւակին դատը յանձնուեցաւ քաղաքացիական դատարանին:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Պալըքչըի ծնողները համոզուած են, որ իրենց որդին սպանուած է ազգային թշնամանքի ենթահողին վրայ: