«Արմէնփրէս».-Աշխատանքային այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Ինտոնեզիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճոքօ Վիտօտոյի հետ:
Բարձր գնահատելով Հայաստանի նախագահի հետ հանդիպումը` Ինտոնեզիոյ նախագահը անդրադարձած է հայ-ինտոնեզիական պատմական կապերուն:
Կարեւորելով աւանդոյթներու շարունակականութիւնը` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ իր նպատակն է քաջալերել երկու երկիրներու փոխգործակցութեան ընդլայնումը, առկայ ներուժի ու հնարաւորութիւններու լիարժէք օգտագործումը: Աւելցնելով, որ հայերը համաշխարհայի ազգ են` Արմէն Սարգսեան դիտլ տուած է, որ հայերուն եւ հայկական առեւտուրին տարածութեան շնորհիւ երկու երկիրներուն գործակցութեան ներուժը անհամեմատօրէն կ’աճի:
Երկու երկիրներու նախագահները կարեւոր համարած են տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, ստեղծագործ կրթութեան, նորարարութեան ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնումը եւ փորձառութեան փոխանակումը:
Հանդիպումին ընթացքին խօսուած է նաեւ երկու երկիրների քաղաքացիներուն փոխայցելութիւններուն դիւրացման, զբօսաշրջութեան խթանման կարեւորութեան:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ գիւղատնտեսութեան, սնունդի անվտանգութեան ոլորտներու մէջ գործակցութեան կարելիութիւններուն: Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան կրնայ արտահանել բարձրորակ միրգ եւ բանջարեղէն, ջրային հիմքի վրայ պատրաստուած ապրանքներ, որոնք մրցունակ պիտի ըլլան Ինտոնեզիոյ մէջ: