Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ի առաւօտուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Պատկան Մարմինին, եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Սարկաւագաց Դասուն, հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հասիչէ՝ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Այնտեղ հայր սուրբը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն թաղականութեան կազմին կողմէ։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբն ու ընկերակցող պատուիրակութիւնը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց մասնակցութեամբ Արժանապատիւ Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեանի։
Յընթացս պատարագին, «Ուրախ լեր» շարականով հայրապետական կոնդակը եւ Ճաճանչաւոր Խաչը խորան բերուեցան տէր հօր եւ Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեանի կողմէ: «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութենէն ետք, հայր սուրբը նախ օծեց խաչը, որ պիտի զետեղուէր խորանին վրայ։ Ապա ան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Հայրապետի կոնդակը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ 2020 տարին հռչակուած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»:
Հայր սուրբը իր քարոզին ընթացքին յայտնեց իր անհուն ուրախութիւն Հասիչէի հայ ժողովուրդին կողքին գտնուելուն համար։ Ան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Աստուածային ծրագիրին համար կատարած կարեւոր դերին, մատնանշելով անոր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը ու հնազանդութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։
Ապա, պատարագի աւարտին, բոլորը թափօրին հետ միասին ուղղուեցան եկեղեցւոյ փակ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը: Օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այնուհետեւ, հոգեշնորհ հայր սուրբը եւ արժանապատիւ քահանայ հայրը, ներկայութեամբ Գամիշլիի պատուիրակութեան եւ Հասիչէի Թաղականութեան,, շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Հասիչէի հայ գաղութի զաւակներէն, Ս. Ծննդեան տօնին եւ հայր սուրբին շնորհուած վարդապետան աստիճանին առիթներով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն