«Երկիր».-14 Յունուարին Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու նախարար Այման Սաֆատիի հետ: Զրոյցը տեղի  ունեցած է ի լրումն երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:

Նախարարները անդրադարձած են երկկողմ օրակարգին եւ բարձր մակարդակով երկխօսութեան շարունակականութեան առնչուող հարցերուն` ընդգծելով բարձրաստիճան յարաբերութիւններու ու փոխայցելութիւններու աշխուժացման կարեւորութիւնը:

Հայաստանի եւ Յորդանանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային  շարք մը հարցերու շուրջ: Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներու մասին երկուստէք ընդգծուած է խաղաղ միջոցներով հարցերու  լուծման անհրաժեշտութիւնը: