«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է 2019 թուականի բնակչութեան վիճակագրական հետեւեալ ցուցանիշները.

2019թ. Արցախի մէջ ծնած է 2119, մահացած 1155 մարդ: Հանրապետութեան մէջ 2019թ. բնական աճին մաս կազմած է 964 մարդ:
2019թ. Արցախի մէջ գրանցուած է 836 ամուսնութիւն եւ 207 ամունալուծութիւն:
Այս ժամանակաշրջանին հանրապետութիւն հաստատուողներուն թիւը 560, մեկնողներուն թիւը` 747 մարդ եղած է: