«Ազդակ»- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի դիւանագիտական անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ եւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի:
Դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ արտաքին եւ ներքին ազդակներ զիրար ամբողջացնելով եւ միատեղ գործելով ստեղծեցին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային վատագոյն տագնապը, որ ներկայիս կը հարուածէ Լիբանանը:
«Ներկայ իշխանութեան համար առաջին իսկ օրէն տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը եղած է ամէնէն լուրջ մտահոգութիւնը, եւ այդ իմաստով լուրջ ջանքեր ի գործ դրուած են` լուծելու համար տնտեսական հարցերը, սակայն այդ լուծումները ակնկալուած արդիւնքները չկրցան իրականացնել, որովհետեւ կացութիւնը վատ էր, իսկ արգելքները` բազմաթիւ:
Տնտեսական այս ճնշումը պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ փողոց իջնեն եւ իրենց ապրուստի պայմաններուն վերաբերող արդարացի պահանջները փողոցին մէջ հնչեցնեն` պահանջելով փտածութեան դէմ պայքարիլ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումին կատարած բողոքի ցոյցերը սկզբնական շրջանին իսկական առիթ մը եղան` իրականացնելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումը, որովհետեւ անոնք ցնցեցին համայնքային եւ քաղաքական կարծրատիպերը, ինչպէս նաեւ խզեցին կարմիր գիծերը` կարելի դարձնելով հաշուետուութիւնը: «Սակայն քաղաքական կարգ մը ուժերուն կողմէ ցոյցերուն միջամուխ դառնալն ու ժողովրդային շարժումին տիրութիւն կատարելու եւ զայն շահագործելու փորձերը` խանգարեցին անոնց ընթացքը եւ պատճառեցին անոնց ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ իսկական փտածութենէն շեղեցին անոնց ուղղութիւնը:
Սակայն ես տակաւին կը յուսամ, որ թէ՛ փողոցը եւ թէ իրենց բնակարաններուն մէջ գտնուող լիբանանցիները կառչած կը մնան փտածութեան դէմ պայքարին», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք երաշխաւորեցին քաղաքացիներուն ցոյցի իրաւունքը եւ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ երկրին տնտեսական վիճակին պատճառով ոճիրներուն եւ քրէական գործերուն թիւը աւելցած է` նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին»:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անցեալ շաբաթ նախատեսուած էր, սակայն կարգ մը արգելքներ խոչընդոտեցին այդ աշխատանքը: «Հակառակ անոր որ ուշացումի պերճանքը չունինք, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը կարիք ունի ատակ անձնաւորութիւններու, որոնք արժանի են ժողովուրդին եւ խորհրդարանին վստահութեան, եւ այդ գործողութիւնը որոշ ժամանակի կը կարօտի: Ճիգ պիտի չխնայենք կազմելու կառավարութիւնը` նկատի ունենալով միայն Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերուն իրականացումը», ընդգծեց ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի մէջ դրական երեւոյթներ արձանագրուին` լիբանանեան ջուրերուն մէջ կատարուելիք նաւթի պեղումներուն շնորհիւ: «Այս իմաստով մենք կը հաստատենք մեր նաւթահորերուն կառչած մնալու մեր իրաւունքը, կը մերժենք անոնց դէմ գործուելիք որեւէ իսրայէլեան յարձակում, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատենք բռնագրաւուած Պաղեստինի եւ Լիբանանի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը», հաստատեց ան: