Հայ Դատի յանձնախումբերուն վերջին ձեռքբերումները նոր լուսարձակներ բացին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ: Տարեվերջին, մեր ընթերցողները Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետապնդած նպատակներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն իրազեկ դարձնելու համար «Գանձասար» հետեւեալ առցանց հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանի հետ:
«Գանձասար»- Ներկայ ժամանակներու զարգացումներուն լոյսին տակ, ճանաչումի նոր սահմաններ հատած Հայ Դատը ռազմավարական ինչպիսի՞ առաջնահերթութիւններու որդեգրման կը կարօտի:
Կիրօ Մանոյեան- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ 1944-ին հիմնադրուած Հայ Դատի Յանձնախումբին հիմնական նպատակն էր «Թրքահայ հողերու կցումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարագիր հայութեան վերադարձը հայրենիք», ժամանակի ընթացքին, ան աւելի ընդլայնեցաւ, եւ արդէն քառասուն տարիէ ի վեր կը գործէ.
ա.- Ամբողջական Հայաստանի ստեղծում՝ արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի հողամասերուն վրայ (Արցախի հարցի արդար լուծումը կը հանդիսանայ Հայ Դատի փուլերէն մէկը)։
բ.- Սփիւռքի տարագիր հայութեան համախմբում՝ իր հայրենի հողերուն վրայ։
գ.- Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում:
Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը օրակարգ սկսաւ մտնել 1950-ական թուականներուն, երբ նոր ուժի մէջ մտած էր ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտագիրը (convention) եւ երկբեւեռ աշխարհի մէջ կը տիրէր Պաղ պատերազմը։ Միաժամանակ, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը միջազգային քաղաքական իրականութեան մէջ մեծցած էր եւ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու քաղաքականութիւնը նոր թափ առած էր։ Սակայն, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը երբեք ինքնանպատակ չէ եղած. մէկ կողմէ նպատակ եղած է միջազգային ճանաչման միջոցով մղել Թուրքիան, որ ինք ալ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը. միւս կողմէ՝ նպատակ եղած է միջազգային հանրային կարծիքը պատրաստել Հայկական Ցեղասպանութեան համար հատուցումներու հարցը բարձրացնելու։ Մենք արդէն հատուցման հարցով տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններ առած ենք 2007-էն սկսեալ։ Պէտք է շեշտել, որ թէեւ յաճախ երբ հատուցում կ’ըսենք տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ այդ կը վերաբերի իրաւական դաշտին, բայց հատուցումը միայն իրաւական միջոցով չէ որ կը հետապնդուի, այն նաեւ, ես կ’ըսէի առաւելաբար՝ քաղաքական գործընթաց է, որ կրնայ ընդգրկել նաեւ իրաւական-դատական քայլեր։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ վերջերս որդեգրուած բանաձեւերը ստեղծած են բաւարար քաղաքական յենարան, որ բարձրաձայնենք հատուցման հարցերը։ Արդէն, 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը կ’ուրուագծէր հայութեան իրաւունքներուն եւ պահանջներուն շրջանակը՝ «անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներ». կը մնայ ամբողջացնել այդ գծով ուսումնասիրութիւնները եւ համախոհութիւն ու դերերու բաժանում կատարել, որպէսզի գործուն կերպով, բոլորս միասին առաջ տանինք այդ աշխատանքը։
Բնականաբար, պէտք է շարունակել նաեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, անոր մասին դասաւանդելու, անոր ժխտումը քրէականացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ, հոն ուր այս բոլորին կարելիութիւնները կան։
«Գ.»- Տարեվերջին ուշագրաւ երկու իրադարձութիւններ նոր թափ եւ շունչ հաղորդեցին հայ դատի աշխատանքներուն, առաջինը՝ ԱՄՆ-ի ներկայացուցչական պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող թիւ 296 բանաձեւին ընդունումն էր, երկրորդը՝ ՀՅԴ-ի կազմակերպած Հայ Դատի դրամահաւաքի ձեռնարկին համահայկական հնչեղութիւն ունեցող խօսքերն էին՝ ՀՀ նախագահին, երկու կաթողիկոսներուն եւ ՀՅԴ-ի կողմէ: Ձեր կարծիքով եկա՞ծ է պահը ամրագրելու Հայկական Պահանջատիրութեան համահայկական օրակարգը:
Կ.Մ.- Այո, պահը եկած է եւ պէտք չէ յապաղինք, ձեր բնորոշումով՝ Հայկական պահանջատիրութեան համահայկական օրակարգը մշակելու եւ ամրագրելու։ Ըսի արդէն, որ 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը ուրուագծած է այդ, բայց տակաւին բաւական աշխատանք կայ կատարելիք, որպէսզի ունենանք ամբողջական թղթածրար թէ ի՛նչ, ե՛րբ, ո՛ւր, ի՛նչպէս պիտի պահանջենք, եւ ո՛վ պիտի պահանջէ։ Այստեղ բոլորս ալ ընելիք ունինք, եւ՝ միասի՛ն։ Այս գործը մէկ կազմակերպութեան եւ կամ միայն պետութեան գործը չէ. անհրաժեշտ է միասին աշխատիլ։
«Գ.»- Մեր երիտասարդ սերունդը որքանո՞վ ներգրաւուած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ: Արդի աշխարհին մէջ, քաղաքական եռուն զարգացումներով յագեցած այս տարիներուն, ինչպիսի՞ մասնագիտութիւններու պէտք է ուղղել Հայ Դատի զինուորագրեալ մեր երիտասարդները, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան ժամանակի փոփոխութիւններուն արձագանգելու մարտահրաւէրին:
Կ.Մ.- Ըսինք արդէն, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն նպատակն է «Ամբողջական Հայաստանի ստեղծում», ինչ որ կ’ենթադրէ աշխատանքի շատ լայն ծիր, սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը ամէն առումներով հզօրացնելէն մինչեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանում եւ Սփիւռքի առաւել քաղաքականացում եւ կազմակերպուածութիւն։ Հետեւաբար, հայ երիտասարդութեան առջեւ աշխատանքի շատ լայն դաշտ կայ՝ մասնակցելու Հայ Դատի աշխատանքներուն։ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները միացեալ Հայաստանի հիմքն են, այդ պատճառով ալ պէտք է ըլլան հզօր, թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ ժողովրդագրական պատկերով, թէ՛ ժողովուրդ-պետութիւն կապի ամրապնդումով, թէ՛ ռազմականօրէն, թէ՛ գիտութեամբ, ամէ՛ն, ամէ՛ն առումով։ Եթէ նկատի ունիք Հայ Դատի աւելի նեղ՝ քաղաքական, յարաբերական եւ իրաւական աշխատանքները, ուրեմն պիտի արձանագրենք, որ այդտեղ եւս շատ մեծ դեր ունի հայ երիտասարդութիւնը. այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ են ե՛ւ իրաւագէտներ, ե՛ւ պատմաբաններ, ե՛ւ քաղաքական-յարաբերական աշխատանք տանելու ատակ երիտասարդներ՝ լեզուներ գիտցող, փորձառութիւն ձեռք բերելու պատրաստ։ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակները արդէն աշխատանք կը տանին երիտասարդներու պատրաստութեան համար։ Իրաւագէտներ, պատմաբաններ, թրքագէտներ, օսմանագէտներ պատրաստելու գործը հիմնականին մէջ պէտք է տանին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները եւ պէտք է ի հարկին օգտուիլ նաեւ արտասահմանի նման հաստատութիւններու հնարաւորութիւններէն։ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ միշտ կարիք կայ լաւ ուսուցիչներու, որպէսզի սերունդ պատրաստեն։ Կարիք կայ հայկական տարբեր կառոյցները հզօրացնելու համար ատակ երիտասարդներու։ Այնպէս որ իսկապէս դաշտը շատ լայն է. կարեւորը՝ երիտասարդները պատրաստ ըլլան տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագիտանալու, իսկ հայկական, պետական թէ այլ կառոյցներն ալ՝ երիտասարդներուն գործելու հնարաւորութիւն, աշխատանքի ասպարէզ տրամադրելու։
«Գ.»- Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն մէջ ակնառու էր Թուրքիոյ հրահրիչ դերը: Ձեր կարծիքով թրքական գործօնը որքանո՞վ վտանգ կը ներկայացնէ տեղւոյն հայութեան գոյատեւման համար, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ սուրիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հոգեւոր ժառանգութիւնը պահպանած ու իր ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումին դատին նուիրուած համայնք մըն է, ու թէեւ թիւով նօսրացած, բայց վերականգնումի աշխատանքներով տակաւ ոտքի կանգնած է:
Կ.Մ.- Թուրքիան, առաւել եւս վերջին տարիներուն, իսկապէս անվտանգութեան սպառնալիք է իր անմիջական դրացիներուն՝ ներառեալ Հայաստանին։ Սուրիոյ պարագային, Թուրքիոյ կործանարար դերակատարութիւնը արդէն իրականութիւն է. Սուրիա ներխուժումով, Թուրքիան արդէն կը հարուածէ ոչ միայն Սուրիոյ պետութիւնը, այլ նաեւ սպառնալիք է այնտեղ ապրող հասարակութեան բոլոր հատուածներուն, ներառեալ՝ հայութեան։ Անցնող տարիներուն Քեսապի եւ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու դէմ ծանօթ դէպքերը Թուրքիոյ այդ թշնամական քայլերուն վկայութիւնն են։ Սակայն, Սուրիոյ հայութեան, եւ ընդհանրապէս հայութեան երբեմն հրապարակային, երբեմն ոչ-հրապարակային արձագանգը այդ քայլերուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս շատ մը պետութիւններու մօտ Թուրքիոյ նկատմամբ ստեղծուած քաղաքական բացասական կեցուածքները՝ որպէս հետեւանք Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա ներխուժումին, կը վկայեն այն մասին, որ Թուրքիան այդքան ալ ազատ չէ Սուրիոյ դէմ եւ Սուրիոյ մէջ իր շարժումներուն գծով։ Միաժամանակ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն ու իրենց դաշնակիցներուն քայլերը եւս կը վկայեն, որ Թուրքիան չի կրնար անարգել շարժիլ Սուրիոյ մէջ եւ դէմ։ Անշուշտ, առաջնահերթ խնդիր է Սուրիայէն թրքական ուժերուն դուրս բերելը։ Եւ ինչպէս արդէն դուք իրաւամբ հաստատեցիք, Սուրիոյ հայութիւնը այս տագնապին մէջ ցոյց տուաւ եւ կը շարունակէ ցոյց տալ իր կենսունակութիւնը։ Վստահ եմ, այդ կեցուածքին պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչեւ Սփիւռքի բոլոր անկիւնները։
Ամանորի առիթով, ամբողջ հայութեան, եւ այս պարագային՝ յատկապէս Սուրիոյ հայութեան կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն, որպէսզի առաւել մեծ թափով ու նպատակասլացութեամբ շարունակենք առաջ տանիլ մեր համազգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործը:
Հարցազրոյցը վարեց
Յարութ Էօրտէկեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»