«Շամ Թայմզ».- Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ արդիւնաբերութեան գրասենեակներու միութեան նախագահ Ֆարէս Շիհապի ըսաւ. «Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը՝ Հալէպը, որ կարողութիւն ունի սուրիական լիրային անկումը կասեցնելու, մինչեւ այսօր պաշարումէ, հրթիռակոծումէ եւ ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումէ կը տառապի»:
Շիհապի յայտնեց, որ արդիւնաբերութիւնը այս օրերուն տնտեսական պատերազմի միակ զէնքն է, շեշտելով, որ կարելի է բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել, եթէ խոչընդոտները վերանան, հարց տալով, թէ արդեօ՞ք տոլարին փոխարժէքը պէտք է 2000 ս.ո.-ի հասնի, որպէսզի սկսինք լուրջ քայլերու ձեռնարկել:
Շիհապի եզրափակելով ըսաւ. «Յուսախաբութեան կը մատնուիմ երբ կը տեսնեմ Սուրիոյ մէջ տիրող փտածութիւնն ու տնտեսական կեանքի բարելաւման գծով տիրող անտարբերութիւնը, մանաւանդ, որ լուծումի քայլերը յստակ կ’երեւին, սակայն, անհասկնալի պատճառներով, ոչ ոք անոնց կը դիմէ»: