Աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայ, ըլլա՛յ իշխանութեան համախոհ թէ ընդդիմադիր, վստահաբար իր ստորագրութիւնը պիտի դնէ այն յայտարարութիւններուն տակ, զորս Նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ պատասխանատուներ հրապարակեցին Երկուշաբթի, 13 Յունուարին, Ատրպէյճանի կողմէ Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ շրջաններու հայութեան դէմ ջարդերու շղթայազերծման 30-րդ տարելիցին առիթով (լսատեսողական միջոցները հրատարակեցին օրին կամ յաջորդ օրը)։
Պատմութիւնը ծանօթ է. իբրեւ թրքաոճ հակադարձութիւն Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին արդար պահանջներուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կազմակերպեցին հայաջինջ ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը 30 տարի առաջ վստահեցան «խուլիկաններու»։ Հայաբնակ քաղաքներ ու աւաններ օրեր շարունակ բեմ դարձան սանձարձակ ոճիրներու, որոնց հետեւանքով, անյիշելի ժամանակներէ ի վեր՝ Ատրպէյճան անունով երկրի մը գոյառումէն շատ առաջ հոն բնակութիւն հաստատած հայութենէն մնաց նուազ քան 10 առ հարիւրը (մաս մըն ալ՝ խառն ամուսնութիւններու շնորհիւ)։ Վարչապետը արդարօրէն խարանեց Պաքուի երէկի ու այսօրուան իշխանաւորներն ու անոնց ցուցմունքներով շարժող ժողովրդային զանգուածները՝ «խուլիկանները», որոնք, այսօր արդէն փաստուած է որ, ջարդերն ու հալածանքները, բռնագաղթերը իրականացուցին ՊԵՏԱԿԱՆ հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքով։ Պաքուի իշխանութիւնները նոյն հետեւողականութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ կը շարունակեն Արցախի ու Հայաստանի դէմ թշնամանքը, սահմանային շրջաններու առօրեայ ահաբեկումը, Արցախը հայաթափուած տեսնելու երազին հետապնդումը, մինչեւ իսկ հերոսացուցին ու կը հերոսացնեն Սաֆարովի նման ոճրագործներ։ Հոս, արդէն, պետական մեքենան ու ժողովուրդի զանգուածը կը նոյնանան հակահայ տրամադրութիւններու եւ գործի մէջ…
Իւրաքանչիւր հայ վստահաբար նաեւ պիտի արձագանգէ մանաւանդ վարչապետին այն կամքին, որ հայը պիտի չարտօնէ Արցախի ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Արցախը իր սեփական տիրոջմէն խլելու փորձերը։ Այս մասին ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ոչ ալ վաղը կարելի է երկու կարծիք ունենալ։ Աւելի՛ն, անցեալ տասնամեակներուն շահուած քաղաքական ու պատմական փորձառութիւններով՝ հայը պիտի աշխատի ամէն գնով ու կարելի բոլոր միջոցներով ձախողութեան մատնել այնպիսի անարդարութիւններ, որոնք գործուեցան Ստալին եւ խմբակցութիւն կոչուած ոճրագործներու օրով, երբ Արցախն ու Նախիջեւանը «եղբայրական նուէր» տրուեցան Ատրպէյճանին։ Հայը ո՛չ միայն կը սպասէ, որ Ատրպէյճան ինքնաքննարկումի նստի ու զղջում արտայայտէ, ինչպէս կը նկատէ Փաշինեան, այլ իր կարելի բոլոր միջոցներով պիտի շարունակէ իր անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդումը։
* * *
Պետական այրերուն յայտարարութիւնները համահունչ են մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ու Արցախի, ու միւս կողմէ՝ Ատրպէյճանի միջեւ առ նուազն 32 տարի առաջ պայթած տագնապին մասին ողջ հայութեան կեցուածքին, որուն մէջ կարեւոր տեղ ունի Ատրպէյճանին ուղղուած դատապարտանքը։ Այս կեցուածքը աւելի ամբողջական դարձնելու համար, պէտք է արձանագրել քանի մը կէտ եւս։
Նախ՝ յիշեցնել, որ Ատրպէյճանի ցեղասպանական արարքը մէկ մանրանկարն էր եւ հետեւութիւնը այն Ցեղասպանութեան, որ 105 տարի առաջ, անոր «եղբայր» եւ «հոգեւոր հայր» Թուրքիան, իր պետական ամբողջ մեքենայով, ծրագրեց եւ իրագործեց հայութեան դէմ։ Թուրքիոյ պետութիւնն ալ փորձեց ու մինչեւ այսօր կը փորձէ ինքզինք անպարտ հռչակել ահաւոր ոճիրէն, աշխարհը համոզել՝ որ այդ արարքները գործուած են «ոճրագործ խուժաններ»ու կողմէ, անդին… հերոսի պատուանդանին կը բարձրացնէ Ցեղասպանութեան հեղինակները՝ Սաֆարովներուն նախակարապետ Թալէաթները. ահա թէ ի՛նչ կը կրկնեն Պաքուի իշխանաւորները աւելի քան 30 տարիէ ի վեր, առանց անդրադառնալու, որ կարելի չէ հայուն հետ աշխարհը խաբել, թէ նման տարողութեամբ ջարդ ու բռնագաղթ կարելի չէ իրականացնել որեւէ տեղ, եթէ անոր ետին չկանգնի պետական կամ համազօր մեքենայ մը։ Փաստօրէն, պետական ստորագրութիւններ կ’աղաղակեն Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւած բոլոր ցեղասպանութիւններուն տակ, Եւրոպայէն մինչեւ Ափրիկէ, Ասիա ու Ամերիկաներ…
Պէտք է ընդգծելով ընդգծել, որ ինչպէս Թուրքիոյ, նոյնպէս ալ Պաքուի մէջ տիրական եղած է ու կը մնայ ոճրածին ուղեղը, ի՛նչ զգեստով ալ օժտուած ըլլան վարիչները. սուլթանները իբրեւ համարժէք ժառանգորդ ունեցած են իթթիհատականներն ու քեմալականները, Թիւրքէշները, Էճեւիտները, Էվրէններն ու Էօզալները, անոնց արիւնաթաթախ դրօշը այսօր հասած է Էրտողաններուն։ Նոյն «տրամաբանութեան» հետեւորդներն են հայր ու որդի Ալիեւները, Էլչիպէյներն ու Մութալիպովները։
Եւ ինչպէս որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազմած են ու կը կազմեն նոյն մետալին երկու երեսները, անոնց հանդէպ հայութեան կեցուածքն ալ ունի մետալ մը, որուն երկու երեսները չեն կրնար իրարմէ տարբեր ըլլալ։ Այլ խօսքով, այսօրուան իրականութիւններուն լոյսին տակ, տրամաբանական չէ միակողմանի կերպով քարոզել, որ Արցախի հարցին լուծումը պէտք է վայելէ Հայաստանի, Արցախի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համամտութիւնը։ Երբ դիմացինդ անշեղօրէն կը շարժի ոճրային նոյն ուղեղով, քու կողմէդ ամէնէն բարի տրամադրութեամբ ու քաղաքակրթութիւն ցոլացնող կամքով երկարած ձեռքդ պիտի մնայ օդին մէջ կախուած, աւելի՛ն, թշնամիդ առիթներ պիտի ստեղծէ զայն խոցոտելու, արիւնաքամ ընելու։
Իրապաշտութիւնը, իրականութիւնները իրենց անունով կոչելու տրամաբանութիւնը պէտք է մեզ օժտէ այնպիսի ակնոցներով, որ ցոյց տայ, թէ մեր արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացիները ֆրանսացի, անգլիացի, զուիցերիացի, արաբ կամ այլ ժողովուրդներ չեն, այլ «թուրք օղլը թուրք»եր՝ սելճուքներու եւ թաթարներու զտարիւն հետեւորդներ։
* * *
Այո՛, թոյլ պիտի չտանք, որ անցեալի ոճիրները կրկնուին, սակայն հոն պիտի չկանգնինք։ Պայքարը պիտի շարունակենք այսօրուան աշխարհին հասկցած եւ ճանչցած բոլոր միջոցներով, այն հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ, որ արդարութիւնը անվերջ չի կրնար խուսափիլ իրաւատէրէն։ Նորագոյն ապացո՞յցը. ամերիկեան խորհրդարանի զոյգ ժողովներուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլն էր, որ աւարտ մը չէ, այլ նոր հորիզոններ բացող սկիզբ մը։
Վերջապէս, ո՛չ մէկ ակնթարթ մտահան պիտի ընենք, որ Արցախի դատը մէկ անբաժանելի մասնիկն է մեր համապարփակ Դատին՝ իր Գետաշէն-Շահումեանով, Արեւմտահայաստանով, Նախիջեւանով ու պատմականօրէն հայկական բոլոր հողերով, եւ որուն տակ ստորագրած է մէն մի հայ, ո՛ւր որ ալ կ’ապրի ան այսօր։ Այս Դատը պէ՛տք է ու պիտի՛ վեր պահենք «ներքին» ամէն տեսակ հակադրութենէ, տրամաբանական կամ չափազանցութեան հասնող աղմկայարոյց բանավէճերէ։
Սարգիս Մահսերէճեան