Ծնունդ առաւ հա­րիւր տա­րի առաջ՝ գա­լով անց­եա­լի ոս­կի մշու­շէն իբ­րեւ ժա­մա­նա­կի հրա­մա­յա­կան, որ­պէս­զի Եղեռ­նէն վե­րապ­րած, Կի­լիկ­իա­յէն­ տե­ղա­հան­ուած ան­տուն ու անոք, անօ­թի-ծա­րա­ւի գաղ­թա­կան­նե­րուն ծով կա­րիք­նե­րը հո­գայ. անոնց վիշտն ու տա­ռա­պան­քը մեղ­մէ, անոնց տուն ու գործ հայ­թայ­թէ, «Մէկ որ­բը, մէկ ոս­կի» նշա­նա­բա­նով Սուր­իոյ անա­պատ­նե­րէն որ­բե­րը հա­ւա­քագ­րէ,զա­նոնք ու­ծա­ցու­մէ ազա­տագ­րէ ու­ ձու­լու­մէ փր­կէ, պատս­պա­րէ, ընդ­հան­րա­պէս չքա­ւո­րին ձեռք եր­կա­րէ: Առա­ջին քայ­լե­րուն մէջ իսկ յա­ջո­ղե­ցաւ հս­կա­յա­ծա­ւալ մար­դա­սի­րա­կան գործ կա­տա­րել:
Հիւանդ­ներ խնա­մեց, անոնց դեղ հայ­թայ­թեց, դար­մա­նատուներ հաս­տա­տեց, աղ­քատ ու ան­գործ ար­հես­տա­ւոր­նե­րուն օգ­նեց, հայ գիւ­ղա­ցի­նե­րու վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւեց: Այն թա­փով որ բա­րե­սի­րա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան ­մար­զին լծ­ուե­ցաւ, նոյն­քան եւ աւե­լի՝ կր­թա­կան գոր­ծին փա­րե­ցաւ: Որբ ու որ­բե­ւայրի­ին նախ­նա­կան կր­թու­թիւն տուաւ, դպ­րոց­նե­րուն նպաստ յատ­կա­ցուց, դպ­րոց չե­ղած վայ­րե­րու մէջ դպ­րոց բա­ցաւ, աղ­քատ աշա­կերտ­նե­րուն օգ­նեց: Յա­տուկ կարեւորութիւն տուաւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն. նշա­նակ­ուած գոր­ծիչ­նե­րու մի­ջո­ցով նոր մաս­նա­ճիւ­ղեր յա­ռա­ջա­ցուց, իր ցան­ցը ըն­դար­ձա­կե­լու նպա­տա­կով, իր ան­դա­մու­հի­նե­րու մտա­յին զար­գաց­ման սա­տա­րեց, արծուիկներու շար­ժում յա­ռա­ջա­ցուց, զա­նոնք դաստ­ի­ա­րա­կեց հա­յե­ցի ­շուն­չով: Հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին մար­զի ­մէջ՝ բա­ցաւ մայ­րա­նոց, կազ­մա­կեր­պեց հրա­պա­րա­կա­յին լսա­րան­ներ, բեմ բարձ­րա­ցուց­ թատ­րոն եւ մշա­կու­թա­յին բազմաբնոյթ ձեռ­նարկ­ներ, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նի եւ Լի­բա­նա­նի գա­ղութ­ի ­ազ­գա­յին կեան­քը ­կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծին մէջ:
Գոր­ծե­ց ա­մէ­նէն անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն մէջ: Գոր­ծեց ­նա­խանձախնդ­րու­թեամբ, յանձ­նա­ռու­թեամբ, ան­խոնջ հետեւողա­կա­նու­թեամբ, կա­մա­ւոր հի­մուն­քով եւ ան­սա­կարկ նուի­րու­մով: Գոր­ծեց «ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար» նշա­նա­բա­նով:
Իրօք,ան­ցած հա­րիւր տա­րի­նե­րուն ­փո­փո­խու­թիւն կ­րե­ցին Սուր­իոյ ­քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին պայմանները. տար­բեր եղան սուր­ի­ա­հա­յու­թեան­ դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը. բա­րե­փոխ­ուե­ցաւ Օգ­նու­թեան Խաչի­ վար­չա­մե­քե­նան, արդ­ի­ա­կա­նա­ցաւ հայ կնոջ կեն­ցաղն ու հո­լո­վոյթ ապ­րե­ցաւ անոր մտայ­նու­թիւնը:
Այ­սու­հան­դերձ ան­փո­փոխ մնաց Օգ­նու­թեան Խա­չի ու­ղե­գի­ծը, ար­ժե­հա­մա­կար­գը, խա­չուհիի նուի­րու­մի ոգին, յանձնառու­թիւն ստանձ­նե­լու ­գի­տակ­ցու­մը, օր­ուան հրա­մա­յա­կան­նե­րուն պատ­շաճ ու տե­ղին գնա­հա­տա­կան տա­լու մօտե­ցու­մը:
Հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջին տաս­նամ­եա­կին­ Սուր­իոյ հա­յա­շատ բո­լոր քա­ղաք­ներն ու մե­ծ ու փոքր աւան­նե­րը ­օժտ­ուած էի­ն Օգ­նու­թեան Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղե­րով (նշենք որ­ քիչ բա­ցա­ռու­թեամբ գրե­թէ բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ­երկ­սեռ էին): Քեսապէն Տէր Զօր ու Գա­միշ­լի, Լա­թաք­իա­յէն ­Հա­լէպ ու Դա­մաս­կոս հայ կի­նը կազ­մա­կերպ­ուած կեր­պով լծ­ուե­ցաւ հասա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ լու­սա­ւոր իրենց դրոշ­մը ձգած գաղափարական այ­րե­րու կող­քին հա­ւա­սա­րէ հա­ւա­սար զ­բա­ղեց­նե­լով ղե­կա­վար­ դիրքեր:
Այս գետ­նի վրայ պէտք է ար­ժա­նին մա­տու­ցենք հայ տ­ղա­մար­դուն կնոջ նկատ­մամբ ու­նե­ցած իր բարձր հա­մա­րու­մին համար: Երբ իր բնութ­եամբ ղե­կա­վա­րել ­սի­րո­ղ այր մար­դը­ իր իշ­խա­նու­թե­նէն բա­ժին կը հա­նէ, բաժ­նե­կից կը դարձ­նէ կինը՝ կը նշա­նա­կէ, որ ինք կը վս­տահ­ի ­ա­նոր ու կ’ար­ժե­ւո­րէ անոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: Ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կա­ն ազնուա­գոյն հաս­կա­ցու­թեամբ տղա­մար­դը­ իր կող­քին կ’ու­զէ տես­նել կի­նը զինք­ քա­ջա­լե­րո­ղի, գնա­հա­տո­ղի, բայց նամանա­ւանդ ներշն­չո­ղի հան­գա­ման­քով՝ հա­ւա­սա­րէ հա­ւա­սար:
Ժա­մա­նա­կագ­րա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ ­կը բա­ւէ թուել գլ­խա­ւոր կարգ մը իրա­դար­ձու­թիւն­ներ, ցոյց տա­լու հա­մար, թէ ինչ դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծե­ց այս Միու­թիւնը գէթ մին­չեւ 1970-ական թուա­կան­ներ: Այս­պէս, 1920-1930-ական թուա­կան­ներ. յետ Եղեռ­նի առա­ջին շր­ջան. վե­րա­կանգ­նու­մի, ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման բուռն ու տեն­դոտ ժամանակաշր­ջան մըն է. աշ­խա­տանք­նե­րը կեդ­րո­նա­ցած են գաղ­թա­կան­նե­րու տե­ղա­ւոր­ման, վե­րաբ­նա­կեց­ման, որբահա­ւա­քի գոր­ծին վրայ: 1930-1940 թուա­կան­ներ. Սան­ճա­գի հարց, Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ Պա­տե­րազմ, ներգաղթ, հա­մա­ճա­րակ­ներ եւ հիւան­դու­թիւն­ներ, մինչեւ 1950-ական թուա­կան­ներ՝ արա­բա­կան ազ­գայ­նու­թեամբ պայմա­նա­ւոր­ուած քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թիւն, Սուր­իոյ տա­րած­քին հա­մա­տա­րած ան­գոր­ծու­թիւն, տն­տե­սա­կան տագնապ, մա­լար­իա, աչ­քի հիւան­դու­թիւն, թո­քախտ:
1960-ական թուա­կան­ներ գա­ղու­թին հա­մար ամէ­նէն խռո­վա­յոյզ տա­րի­ներ են, ազ­գա­յին կեան­քը գրե­թէ անդամալուծուած, մեծ թիւով մտա­ւոր մար­դու­ժի ար­տա­հոսք դէ­պի Լի­բա­նան եւ այ­լուր: Ահա­ւա­սիկ այս­պի­սի վերիվայրում­նե­րով յատ­կան­շուող պայ­ման­նե­րու մէջ ՍՕ Խա­չը ոչ միայն չդադ­րե­ցաւ գոր­ծե­լէ այլ ստան­ձնեց ­յա­ւե­լե­ալ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն իր պատ­կա­նած ­գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թեա­ն ա­նա­պաշ­տօն ներ­կա­յացու­ցի­չը ներ­կա­յա­նա­լով ­յաչս ժո­ղո­վուր­դին՝ առաջ տա­նե­լու նո՛յն գի­ծը, հա­կա­ռակ բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն ու սա­հ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն: Չդադ­րե­ցաւ­ գոր­ծե­լէ, բնա­կա­նա­բար ինքն ալ որո­շա­կի ազդ­ուե­ցաւ այդ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն:
Ըսինք, միշտ­ դիւ­րին չէ եղած ՍՕԽ-ի ճամ­բան: Այս­պէս, որո­շա­կի պայ­ման­նե­րու (ոչ կազ­մա­կեր­պա­կան) հե­տե­ւան­քո­վ ամ­բողջ 20 տա­րի (1962-1982) կա­րե­լի չէ եղած Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով գու­մա­րել: Այս շր­ջա­նին ­մաս­նա­ճիւ­ղե­րը գործած են գրե­թէ ան­կախ կեդ­րո­նէն (ոմանք դադ­րած են գոր­ծե­լէ, այլք՝ կազ­մա­լուծ­ուած): Եւ միայն 1983-ին ԺԸ. Պատգա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մով­ վերջ կը դր­ուի կազ­մա­կեր­պա­կան քսա­նամ­եայ անել վի­ճա­կին, ու այդ թուակա­նէն կը սկ­սի,- փո­խա­բե­րա­կան առու­մով, բայց ճշգ­րիտ նշա­նա­կու­թեամբ,- ՍՕ Խա­չի «Ոս­կե­դար»ը, որ­ կը շարունակ­ուի վե­րըն­թաց թա­փով մին­չեւ 2011, մին­չեւ Սուր­իոյ տագ­նա­պին սկ­իզ­բը:
ՍՕ Խա­չի խորհր­դա­նի­շին վ­րայ սուրն ու խա­չը իբ­րեւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը ներ­կա­յա­նան: Իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­ճիւղ խա­չու­հի­նե­րու հս­կայ բա­նա­կին յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­գուն­դը­ կը ներ­կա­յաց­նէ: 1983-2011 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կու­տա­կած նե­րու­ժով ու փոր­ձա­ռութ­եամբ է, որ ՍՕ Խա­չը ար­ժա­նա­վա­յել տո­կու­նու­թեամ­բ ու խի­զախ կեց­ուած­քով դիմագ­րա­ւեց Սուր­իոյ տագ­նա­պը: Հա­լէ­պի մէջ ան գոր­ծեց­ռում­բե­րու տա­րա­փին տակ, յա­ճախ վտան­գի տակ դնե­լով սեփա­կան կեանք: Քե­սա­պի մաս­նա­ճիւ­ղը ­ե­րեք ամիս շա­րու­նակ տե­ղա­հան­ուած ­ժո­ղո­վուր­դին խնա­մա­տա­րու­թիւնը յանձն առաւ: Լա­թաք­իա, Դա­մաս­կոս, Գամիշ­լի, իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­ճիւղ առանձ­նա­բար տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րուն համե­մատ, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու կա­րո­ղա­կա­նութ­եան ­նե­րած չա­փով, բայց բո­լո­ր­ը ­անխ­տիր մնա­ցին պատ­նէ­շի վրայ, բծախնդ­րու­թեամբ ու նուի­րու­մով կա­տա­րե­ցին իրենց­ պար­տա­կա­նու­թիւնը՝ մնա­ցին ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ գոր­ծե­ցին անոր հա­մար:
Ինչ­պէս 1920-ական եւ 1930-ական թուա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին, այն­պէս ալ վեր­ջին եօ­թը ու­թը տա­րի­նե­րու ՍՕ Խա­չի­ մար­դա­սի­րա­կան դի­մադ­րու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, օրի­նա­կե­լի շատ երես­ներ կը պա­րու­նա­կէ աղէ­տի ժա­մա­նակ կնոջական կազ­մա­կեր­պու­թեան մը ցու­ցա­բե­րած տո­կու­նու­թեան, ու մա­նա­ւանդ կազ­մա­կերպ­ուած աշ­խա­տան­քին, որ կր­նա­յ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լ այ­լոց:
ՍՕ Խաչ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քին­ զու­գակ­ցեց ­մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մը, աւան­դա­կա­նին պատ­ուաս­տեց արդ­ի­ա­կա­նը: Ճամ­բայ ելաւ­ գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ­ման ու վե­րա­կանգ­նու­մի մեկ­նա­կէ­տէն։ Ներ­կա­յիս ալ վե­րա­կանգ­նու­մի փու­լի մէջ է գա­ղու­թը եւ­ ՍՕ Խա­չը­ իր բո­լո­րան­ուէր մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէ ­վե­րա­կանգ­նու­մի աշխատանք­նե­րուն:
Բաղ­դա­տա­բար գա­ղու­թի թուա­քա­նա­կին՝ ՍՕԽ ան­դամ­նե­րու թիւ­ը այն­քան ալ մե­ծա­թիւ չէ եղած: Իսկ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու թիւը՝ յա­րա­փո­փոխ: Ներ­կա­յիս Սուր­իոյ տա­րած­քին ­միու­թիւնը ­կը գոր­ծէ տա­սը մաս­նա­ճիւ­ղե­րով: Անի, Նա­յի­րի, Սե­ւան, Էրե­բու­նի, Սար­դա­րա­պատ, Շու­շի, Լո­ռի, Ար­ցախ, Գե­տա­շէն եւ Մեղ­րի: Խոր­հուրդ կայ այս անուն­ներուն մէջ: Այս անուն­նե­րը­ հայ­րե­նի հին կամ նոր բնա­կա­վայ­րեր են (ին­չո՞ւ հա­րիւր տա­րի ետք չու­նե­նալ միու­թեան ն­ուիր­եալ ­մէկ եր­կու ան­դամ­ներ­ու ա­նուն­նե­րով ­մաս­նա­ճիւղ):
Նշ­ուած բնա­կա­վայ­րե­րէ­ն Ա­նին, Նա­յի­րին, Էրե­բու­նին պատ­մա­կան բնա­կա­վայ­րեր են, Սար­դա­րա­պա­տը՝ հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նա­կի մարտա­դա­շատ, Ար­ցախ աշ­խար­հէն Շու­շին՝ մեր օրե­րուն ազա­տագր­ուած ­հայ­րե­նի քա­ղաք, Գե­տա­շէ­նը՝ մեր օրե­րուն բռ­նագր­ուած հայ­րե­նի տա­րածք: Մեղ­րին ու Լո­ռին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան շր­ջան­նե­րէն են: Հայրենիքն ու անոր Սահ­ման­նե­րը պէտք է պաշտ­պա­նել, իսկ գրաւ­ուած հայ­րե­նիքը ետ բե­րե­լու­ հա­մար պէտք է հա­ւատք, կամք ու խի­զա­խու­թիւն ու­նե­նալ:
Փո­խա­բե­րա­կան առու­մով Սփիւռ­քի մէջ տա­րածք հաս­կա­ցու­թիւնը հող չէ եւ ոչ ալ սահ­ման, այլ մեր ինք­նու­թեան անպարա­գիծ բնա­կա­վայ­րը: Ինք­նու­թիւն, որ ան­խո­ցե­լի պա­հե­լու հա­մար սուղ գին կը վճա­րենք մեր նո­րա­հաս սերունդներու հաշիւէն: Բեր­դը յար­ձա­կու­մով դուր­սէն գրա­ւե­լը դժ­ուար է, ներ­սէն՝ աւե­լի դիւ­րին: Փո­թո­րիկ­նե­րը ծա­ռը ճղա­կա­տոր կ’ընեն, բայ­ց որդն է, որ զայն ներ­սէն կը տ­կա­րաց­նէ ու կը չորց­նէ: Բեր­դը ներ­սէն ամուր պա­հե­լու, ծա­ռը որդէն պաշտ­պա­նե­լու պայ­քա­րը Սփիւռ­քի ճա­կա­տա­գիրն է, բայց եւ, դժ­բախ­տա­բար, նա՛եւ ­Հա­յաս­տա­նի­նը, ինչ­պէս ցոյց կու տան հոն տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:
Սահ­ման­պա­հել­ու եւ հայ­րե­նիք պաշտ­պա­նե­լու պէս ամուր պէտք է պա­հենք մե­ր ինք­նու­թեան տա­րած­քը: Այս պատ­նէ­շին վրայ անց­նող հա­րիւր տա­րի­նե­րուն ՍՕ Խա­չի մարտն­չու­մի կո­րո­վը եւ ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը գ­նա­հա­տելի ­են, որով­հե­տեւ իր առա­քե­լու­թեան ծի­րին մէջ կ’իյ­նայ սե­րունդ­նե­րը ու­ծա­ցու­մէ փր­կե­լու գոր­ծը: Դի­տե­ցէ՛ք արծ­ուիկ­նե­րու շար­քե­րէն ան­ցած իր սե­րունդ­նե­րու եր­թը, մէյ մը փոր­ձե­ցէք գնա­հա­տել իբ­րեւ մեծ մայր, մայր, կին, քոյր եւ դուս­տր կորովի խա­չու­հի­նե­րու, ըն­տա­նիք, միու­թիւն եւ ըն­կե­րու­թիւ­ն ա­ռողջ պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը:
 Ահա թէ ին­չու հա­րիւ­րամ­եայ փոր­ձա­ռու­թեամբ ­զին­ուած ՍՕԽ-ը անց­եա­լէն իրեն հաս­նող ձայ­նին ինք­նավս­տա­հու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նէ. «Խրա­մա­տը՝ ու­րիշ­նե­րուն հա­մար է,ես պատ­նէ­շին վրայ եմ, հո՛ն եմ, ուր որ էի, ու հոն կը մնամ»: