Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը, գործակցաբար տեղական ապահովական մարմիններու հետ, մարդասիրական 3 միջանցք բացաւ Իտլիպի հարաւարեւելեան Ապու Տհուր, հարաւային Հաթիթ եւ Հատէր շրջաններուն մէջ՝ Իտլիպէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ գտնուող քաղաքացիներուն ելքը ապահովելու համար:
«Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ խմբաւորման ահաբեկիչները արգիլեցին քաղաքացիներուն Ապու Տհուր միջանցքէն ելքը: Անոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն քաղաքացիները օգտագործել իբրեւ մարդկային վահաններ: