«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ Պաքուի ջարդերու 30ամեայ տարելիցին առիթով դատապարտելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակումները։
«Պաքուի, Սումգայիթի, Մարաղայի եւ Կիրովապատի արիւնոտ ջարդերէն, եւ անոնց յաջորդած Արցախի դէմ ձախող պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ Պաքուի հակահայկական քարոզչութեան, սահմանային միջադէպերու յաճախականութեան պատճառով, կարելի չէ քննարկել անցեալին վերադառնալու մասին», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ շեշտելով ազատ, ապահով եւ բարեկեցիկ Արցախի Հանրապետութիւն մը հաստատելու կարեւորութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս հարցով քոնկրեսականներուն դիմելու համար՝ հաստատած է յատուկ կայքէջ մը՝ http://anca.org/baku։ Յիշեցնենք, թէ 30 տարի առաջ՝ 13 Յունուար 1990ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ սկսան հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը: