Տասնեակ գրողներու վկայութեամբ, դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները բանալիներն են գրաւոր խօսքի շտեմարանին:
Հալէպահայ մեր կեանքին մէջ պատերազմեան օրերը երկունքը դարձան նաեւ ոմանց ստեղծագործական կեանքին: Ես, իմ ծով ապրումներով, այդ դաժան օրերուն ինքզինքս գտայ մամուլի էջերուն մէջ իբրեւ նորածին եւ համեստ գրիչ:
Մենք՝ երիտասարդներս, դժուարութիւններուն դէմ դնելու համար իւրովի ձեւեր գտած էինք: Շատ մը երիտասարդներ որոշած էին հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան նուիրուիլ, ոմանք իրենց կեանքին գնով որոշած էին պահել համայնքի զաւակներուն կեանքը:
Ինծի համար գրիչն էր պայքարի միջոցը: Դիմատետրի էջս առաջին ամպիոնս էր, ուր սկըսայ հանդէս գալ մերթ կարճ տողերով, մերթ լրատուութեամբ՝ համացանցի աշխարհին դիմաց պարզելու հալէպահայուն տաժանելի կեանքը: Քիչ մը յոյս, քիչ մըն ալ դաժան իրավիճակը նկարագրող տողերս զերծ չէին մնար ուղղագրական սխալներէ:
Այս ամպիոնը, սակայն, իր մեծ համբաւով, մեծ առիթ պիտի չտար ինծի: Առիթ, որով պիտի որոշէի նախասիրած աշխատանքիս վերջնական ուղղութիւնը:
Զուգադիպութեամբ մը այցելեցի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատուն: Այցելութիւնը առաջին քայլն էր, որմէ ետք առիթ ունեցայ հարցազրոյց վարելու խմբագիրին հետ: Եւ ահա ինծի առիթ ընծայուեցաւ թերթի «նոր գրիչներ» սիւնակին մէջ չափածոյ, կարճ գրութեամբ մը հանդէս գալու: Օրէ-օր գրութիւններս կը զարգանային: Չափածոյ գրութենէ, յօդուածագրութեան փորձ եւ թղթակցութիւն…:
Նախքան թերթին մէջ հանդէս գալս, թերթը ինծի համար պարզապէս լրատուական աղբիւր մըն էր, նոր մտքերու ծանօթանալու միջոց մը: Հետագային դարձաւ ամպիոն՝ արտայայտելու զգացումներ, ապրումներ եւ ներկայացնելու մեր կեանքէն քաղուած պատկերներ: «Գանձասար»ին աշխատակցիլը մեծ պատասխանատուութիւն էր ինծի համար այլեւս:
Օրէ-օր ոչ թէ միայն գրութիւններս կը բարելաւուէին, այլեւ գիտակցութիւնս, ներքին աշխարհս կը զարգանար: Մէկ խօսքով՝ «Գանձասար»ին աշխատակցելով, գրութիւններուս հետ կը մեծնայի ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Երազս իրականանալ սկսած էր, ան կերպարանք կը ստանար ու ճամբայ կը բանար այլեւս: Ապագայ մասնագիտութեանս սահմանները յստակ էին արդէն: Թերթը դուռը բացած էր մտնելու լրագրական նախասիրած աշխարհս: Հալէպը խաղաղած էր արդէն: «Գանձասար»ը կը շարունակէր հասնիլ մեզի ամէն շաբաթ: Անոր ներշնչումով ես քայլ մը առած էի լրագրութեան ճամբուն վրայ, երկրորդականս աւարտելով անցած էի համալսարանական ուսման, ընտրելով լրագրութեան ճիւղը: Շատ խանդավառ էի, ակամայ սխալներ ալ կը գործէի երբեմն: Լրագրութեան մէջ առաջին քայլերը նետող փոքր լրագրողի մը հարազատ պատկերը կը ներկայացնէի արդէն:
Թերթը ինծի կրցած էր տալ այն, ինչ որ համալսարանը չէր կրնար տալ, հակառակ իր ծաւալուն դասագիրքերուն: Թերթի խոհանոցին մէջ շատ բան կը սորվի լրագրողը՝ գրելով, սրբագրելով, կրկին գրելով եւ իր ինքնուրոյն ոճը աստիճանաբար զարգացնելով:
«Գանձասար»ին աշխատակցելով մեծ երազի մը հիմնաքարը դրի:
Եթէ թերթը ոմանց համար լոկ ընթերցանութեան եւ տեղեկութիւններ քաղելու միջոց է, թող այս վկայութիւնս ըլլայ փոքրիկ ապացոյց մը՝ հաստատելու, որ թերթին, մամուլին ճամբով կրնաս որոշումներ գոյացնել, դժուարութիւններ յաղթահարել, եւ ինչեր ու ինչեր ընել:
Յովիկ Շէհիրեան