Դպրոցական գիրքերուն, Պատանեկան Միութեան դաստիարակչական գրքոյկներուն, պատմութեան գիրքերուն ու պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ տեսած էի Շուշին, որուն անունը մտքիս մէջ միշտ ալ կապուած կը մնար 1992-ին։
Լսած էի «Հարսանիք Լեռներում»ը եւ արցախեան պայքարին ընթացքին այնտեղ մտնող առաջին թնդանօթին մասին։ Տեսած էի մեր ակումբէն ներս Արցախի քարտէզին վրայ անոր անունին մօտ դրուած Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին, որուն անունը այնքան ալ դիւրին չէին հնչեր պատանիները։ Լսած էի անոր ռազմավարական բարձր դիրքին մասին։
Իսկ Ռուբէնի «Յուշեր»ուն մէջ Շուշիի նկարագրումը եկաւ անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնս ա՛լ աւելի արթնցնելու ու զայն տեսնելու փափաքս ա՛լ աւելի սաստկացնելու։
2016-ին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան այցելելու բախտը ունեցայ։
Բա՞խտ…
Այո՛…
Բա՛խտ։ Չէ՞ որ շատեր ինկան զայն տեսնելու կարօտով, եւ շատեր կ’ապրին այդ կարօտով։
Բախտաւորութիւն մըն է Հայաստան այցելելը։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ չընդունին, չզգան կամ չսեպեն այդ մէկը այդպէս։
Թէ ի՛նչ էին զգացումներս ու ապրումներս պատրաստութեան, հասնելուս ու այնտեղ գտնուած պահերուս՝ այդ տարբեր նիւթ է։
Համազգայինի ուսանողական ֆորումին մասնակցած էի, հոն նոր ընկերներու ծանօթացած եւ իրենց հետ միասին պիտի շրջէի Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը։ Պիտի այցելէինք նաե՛ւ Արցախ։ Երեք օր պիտի մնայինք այնտեղ։
Երե՛ք օր Արցախ։
Երե՛ք, քի՛չ է…
Հապա՞ Շուշի…
Կէ՛ս օր…
Կէ՞ս, կէս ալ չէր, քանի մը ժամ…
Խի՛ստ քիչ անոր ծանօթանալու համար։
Բայց պիտի տեսնեմ։ Պիտի տեսնեմ գիրքերուն, քարտէզներուն ու պատկերասփիւռի կայաններուն Շուշին։ Շուշին, որ իմ երեւակայութեան մէջ էր՝ այս անգամ պիտի տեսնեմ իմ սեփական աչքերով։
Հայաստանի վայրերը տասներկու օր շրջելէ ետք, օրը հասաւ Արցախ մեկնելու…
Անվերապահօրէն կրնամ ըսել, որ այդ օրուան հրճուանքս անցնող տասներկու օրերու հրճուանքէն բան մը աւելին էր։ Լեռները, բարձունքները, գագաթները, բաց, ազատ ու կանաչ դաշտերը ինծի համար բնութեան աս- տուածներն են։ Ուժն են անոնք, իշխանութիւնն ու ազատութիւնը։
Ճամբորդական պայուսակները պատրաստեցինք ու մեր ապրանքին մեծ մասը Երեւան ձգելով ճամբայ ելանք դէպի Արցախ։
Ճամբորդութիւնը այնքան ալ հեզասահօրէն չընթացաւ, ինչպէս էր միւս վայրերու պարագային։ Ճամբան երկար եւ անողորկ էր։
Տասներկու օրուան խտացուած ծրագիրը արդէն սկսած էր յոգնեցնել մարմինները, սակայն նոր վայրեր տեսնելու տենչը միշտ զգօն ու լարուած կը պահէր ուղեղները, որոնք յաճախ հրաման կը ղրկէին մարմինին՝ զայն սթափեցնելու, ուշքի բերելու համար։
Տասներկու օրուան ընթացքին մեզ փոխադրող հանրակառքին մէջ հայեացքս յաճախ պատուհանէն դուրս ուղղուած կ’ըլլար։ Անյագօրէն կը դիտէի ճամբուն վրայ ինչ որ տեսնէի, որ շատ ալ երկար չէր մնար տեսողութեանս սահմաններուն մէջ՝ հանրակառքին սուրալուն պատճառով։
Արցախի սահման հասանք, փաստաթուղթերու քանի մը ստուգում կատարեցինք եւ շարունակեցինք մեր ճամբան։
Քանի մը թեքումներ ու պտոյտներ ընելէ ետք, երեւցաւ ցուցանակը…
Ցուցանակ, որ կ’ընդգրկէր պատմութիւն, մօր մը գուրգուրանքը իր զաւակներուն հանդէպ։ Ցուցանակ մը, որ կը նմանէր յաղթանակի այն դրօշին, որ վերջին թշնամին զգետնելէ ետք՝ զինուորը հպարտօրէն, զայն բարձր բռնած, բազուկին ամբողջ ուժով կը խրէ հողին մէջ՝ ի նշան իր յաղթանակին։
Ցուցանակին վրայ բառ առ բառ կը կարդամ…
ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽԸ ՈՂՋՈՒՆՈՒՄ Է ՁԵԶ…
(Շարունակելի)
Քրիստ Խրոյեան