Հայերս առիթ չենք փախցներ տարբեր ոլորտներու մէջ մեր փայլուն դէմքերը յիշելու կամ համբաւաւոր դէմքերուն հօր կամ մօր կողմէ հայ ըլլալը փաստելու: «Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք», ըսած էր բանաստեղծը: Անոր նպատակը, սակայն, հպարտանալով օրինակ վեր-ցնելու պատգամ տալն էր, մենք հպարտանալով գինովնալն ու տեղքայլի մէջ մնալը նախընտրեցինք:
Չենք ալ նկատեր մեր տեղքայլը, որ քայլ ըլլալէ ալ պիտի դադրի եթէ այսպէս շարունակուի:
Տեղքայլ մը, որուն ընթացքին աշխատանքին նպատակը մրցակցութիւնը դարձուցած ենք: Մենք մեզի հետ մրցումի ելած ենք: Ո՞ր միութիւնը աւելի շատ ձեռնարկ պիտի կազմակերպէ, ո՞ր միութիւնը աւելի շատ հանդիսատես պիտի հաւաքէ: Իսկ եթէ յաջողեցանք, տօնական է մեր տրամադրութիւնը, յաջորդ քայլը կարեւոր չէ: Ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ ձեռնարկը հանդիսատեսին, բան մը սորված դուրս պիտի ելլէ՞ ան սրահէն: Կարեւոր չէ: Կարեւորը կազմակերպուած երեւիլն ու հոծ բազմութեամբ սրահ լեցնելն է: Քարոզչութիւնն ալ իր կարգին… Իսկ թերութիւններու մասին խօսող պիտի չըլլայ, սխալները մատնանշող պիտի չըլլայ, սխալը տեսնելով լուռ մնացողներուն անդորրը կը խանգարուի այլապէս:
Տեղացիներուն հետ բաղդատելով գերադաս համարեցինք ու կը շարունակենք գերադաս համարել մենք զմեզ: Բայց պահ մը մեր շուրջը կը դիտե՞նք, տեսնելու թէ ինչպիսի՛ կշռոյթով կը զարգանան միւսները, մեր կողքը ապրողները՝ ուսումնական, ճարտարագիտական ոլորտներու մէջ մանաւանդ:
Մեր երիտասարդներէն շատեր համալսարանական ուսումն իսկ ամէնէն դիւրին եւ կրճատուած ձեւով կ’ուզեն ստանալ, առանց մասնագիտական որակին հետամուտ ըլլալու: Կարեւորը վկայական մը ունենալն ու զայն պատէն կախելն է: Բացառութիւնները օրինակելի են միշտ:
Շինարարական աշխատանքներէն աչքերնիս չբացինք, որ կառոյցներուն գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը քննենք ու զանոնք մեր բարելաւման ծառայեցնենք:
Կառոյցները ի՞նչ կրնան ընել, ոտք չունին որ քալեն, ձեռք չունին, որ ձեռքերնէն բռնես ու քալեցնես: Կառոյցներուն առաքելութիւնը կեանքի կոչողներն են, որոնք կեանք պիտի տան անոնց, արդիւնաւորեն անոնց շքեղ ներկայութիւնը: Որպէսզի այդ ներկայութիւնը տեսք ըլլալէ դադրի, քար ըլլալէ դադրի ու դառնայ ոգի: Իսկ ոգեղէն կառոյցները վաճառականական օրէնքներով չեն արդիւնաւորուիր, շաղակրատութեամբ յագեցած ժողովներով չեն արդիւնաւորուիր, նուիրեալներու աշխատանքով միայն կրնան արդիւնաւորուիլ: Աշխատանք, որ կը ծառայէ հաւաքականութեան, ոչ թէ անձնական շահերու:
Փշակն