Հինգշաբթի, 16 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Հալէպի արեւմտեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 3 հրթիռ արձակեցին Հալէպի Սըքքարի թաղամասին ուղղութեամբ։
Հրթիռակոծումը տեղի ունեցաւ շրջանի ամէնէն խճողուած ժամերուն։
Շրջանի հիւանդանոցի բժիշկները տեղեկացուցին, թէ հիւանդանոց տեղափոխուած են 6 զոհերու դիակներ ու աւելի քան 20 վիրաւորներ։ Քանդուած են բնակարաններ, խանութներ եւ արձանագրուած են նիւթական վնասներ։
Զոհերուն մէջ եղած են նաեւ կիներ ու մանուկներ։