ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հերթական ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, այս անգամ խեղաթիւրելով Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկոյցի» բովանդակութիւնը:
-Պարոն Շիրինեան, Եւրախորհրդարանի զեկոյցին մէջ ի՞նչ շեշտադրումներ եղած են եւ արդեօք Ղարաբաղին անդրադարձ կայ, ինչպէս կը յայտնեն ատրպէյճանական որոշ կայքեր իրենց յօդուածներուն մէջ:
-Իբրեւ թէ զեկոյցին մէջ տեղ գտած է «Լեռնային Ղարաբաղի գրաւում» եզրոյթը, որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Այս պնդումը կեղծ է: Այդ մասին նշող ատրպէյճանական կայքի յօդուածը ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, սա Ատրպէյճանի պետական քարոզչութիւնն է: Իրականութիւնը հետեւեալն է. Եւրոպական խորհրդարանը քուէարկած եւ ընդունած է երեք տարբեր զեկոյցներ` «Արտաքին եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան իրականացման մասին տարեկան զեկոյցը», «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկոյցը» եւ մարդու իրաւունքների մասին ընդհանուր զեկոյց: Այս բանաձեւերէն ոչ մէկը, ներառեալ առաջին բանաձեւը, որուն մէջ յղում կատարած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, չէ նշուած Արցախի մասին եւ չէ ներկայացուած որպէս «գրաւեալ տարածք»: Իրականութեան մէջ բանաձեւերուն մէջ Արցախի մասին ընդհարապէս որեւէ խօսք չկայ: Առաջին զեկոյցը, այլ հարցերու հետ մէկտեղ, ընդհանրական անդրադարձն է Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու առկայ հակամարտութիւններուն: Թէեւ առաջին զեկոյցը կը յայտնէ, որ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հիմնարար սկզբունք է Եւրոպական Միութեան համար, պէտք է շեշտել, որ զեկոյցի նախաբանին մէջ յղում կատարուած է մէկ այլ բանաձեւի՝ 15 Նոյեմբեր 2017-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասին Եւրոպական խորհդարանի կողմէն առաջարկութիւններ պարունակող զեկոյցին: Վերջինս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յիշատակում է ինքնորոշման իրաւունքը որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի երեք հիմնարար սկզբունքներէն մէկը եւ Եւրոմիութեան լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ Մինսքի խմբակին: Նոյն յղումը առկայ է նաեւ երկրորդ զեկոյցին մէջ` («Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկոյց»): Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ակնյայտօրէն կը պահեն այս բոլորը:
-Ըստ ձեզի, բանաձեւին մէջ տեղ գտած ուղերձները հասցէագրուած էի՞ն:
-Ակնյայտ է, որ Եւրոպական խորհրդարանի թիրախը Ռուսաստանն է, եւ այս նոյն զեկոյցները կը պարունակեն կոչ Ռուսաստանին` կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները: Սակայն այս բանաձեւերուն մէջ անոնք չեն յիշատակեր Արցախը կամ Ատրպէյճանը: Աւելին, այս բանաձեւերէն մէկը կը վերահաստատէ Եւրոպական խորհրդարանի տեսլականը, որ «արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու մէջ առկայ բոլոր ընթացիկ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին միջազգային ձեւաչափերու եւ սկզբունքներու համաձայն»: Սա կը նշանակէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի պարագային վաւերացուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի հիմնարար սկզբունքները եւ ԵԱՀԿ 1975թ. Հելսինքի եզրափակիչ շարժումը, որ կ’ընդգրկէ նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
-Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար, ըստ ձեզի, ԵՄ-ի ընելիքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ:
-Ինչպէս գիտէք` Եւրոմիութիւնը հակամարտութեան կողմերու միջեւ միջնորդ չէ: Բացի այդ, ԵՄ-ն պարբերաբար իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին, համանախագահութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ շարժումին հիմնարար ակզբունքներուն: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարց է: Եւ ուրեմն Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նպատակներէն է Եւրոպայի մէջ իրազեկման աշխատանք տանիլ Ատրպէյճանի մէջ առկայ ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան մասին: Այդ նպատակով Մարտ 2019-ին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանէն ներս հայատեացութեան մասին խորհրդաժողով կազմակերպեց: Սա առաջին անգամն էր Եւրոպական խորհրդարանէն ներս այս թեման քննարկման գլխաւոր առակայ էր:
Խորհրդաժողովի հիմնական եզրակացութիւններէն մէկն էր, որ հայերու ջարդերը Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ Ատրպյճանական հայատեացութեան ողբերգական հետեւանքն էին: Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հակահայկական տրամադրութիւն տարածել հասարակութեան մէջ, որ այլատեացութեան դրսեւորում է եւ պէտք է դատապարտուի ԵՄ-ի կողմէն: Նաեւ ԵՄ-ն կրնայ ներդրում ունենալ հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ:
Մենք համոզուած ենք, որ Արցախը չի կրնար Ատրպէյճանին մաս կազմել,որովհետեւ դ Արցախի ժողովուրդին համար գոյութեան վտանգ կը ներկայացնէ: Պատմութիւնը մեզ արդէն ապացուցած է: Եւ այժմ ժամանակն է, որ միջազգային հարնութիւնը յարգէ Արցախի անկախ ըլլալու որոշումը: