«Երկիր».-18 Յունուարին, տեղական ժամանակով ժամը 05:28-ին Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ Աշոցք գիւղին 10 քմ հարաւ-արեւելքին, օջախի 10 քմ խորութեամբ, գրանցուած է 3.6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժը զգացուած է Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ, Հարթագիւղ (Ղալթախչի) եւ Շիրակամուտ բնակավայրերուն, Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքին, ինչպէս նաեւ Ջաջուռ եւ Աշոցք գիւղերուն մէջ:
Աւելի ուշ 3 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է դարձեալ Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքին եւ Ձորաշէն գիւղին մէջ: