Մեր մանուկները կ’ապրին այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ մանկամտութիւնն ու ինքնադրսեւորման պակասը աւելի մեծ հարցեր կրնան յառաջացնել, քան անբաւարար սնունդն ու անհանգստութիւնը: Հետեւաբար, մենք պիտի օգնենք անոնց, որպէսզի ճիշդ եւ առողջ սովորութիւններ ձեռք ձգեն:
Հոգեբաններու համաձայն, գոյութիւն ունին 3 կարեւոր սովորութիւններ, զորս պէտք է ձեւաւորել մեր մանուկներուն մօտ, եթէ կ’ուզենք, որ անոնք բառին ամբողջական իմաստով առողջ ըլլան:
Ամէն օր սորվեցուցէք ձեր մանուկին.
խնամել միտքը
խնամել մարմինը
խնամել տունը, ուր ան կ’ապրի:
1. Խնամել միտքը
Անհրաժեշտ է ամէն օր գործի դնել անոր մտածողութիւնը եւ որեւէ բան սորվեցնել, բան մը ընել անպայման անոր մտային զարգացման եւ գիտելիքներու հարստացման համար: Այսինքն՝ զարգացնել մտածողութիւնը, նոր գիտելիքներ եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար օգնեել անոր, զարգացնել եւ բաւարարել հետաքրքրութիւնները եւ այլն: Կարճ խօսքով, պէտք է ամէն օր նոր բան մը սորվեցնել մանուկին: Եթէ ան երկար ժամանակ չօգտագործէ միտքը, ժամանակի ընթացքին ան կը բթանայ: Նոյն բանը տեղի կ’ունենայ մեր՝ մեծերուս պարագային: 13-14 տարեկանէն վերջ գրեթէ անկարելի կը դառնայ լուծել անոր մտային ոլորտի զարգացման հարցերը:
2. Խնամել մարմինը
Մանուկը պիտի սորվի սիրել, յարգել եւ խնամել իր մարմինը: Այս մէկը կարելի է ընել մշտապէս մարզանքով զբաղելու, առողջ սնանելու եւ առողջ ապրելակերպ ունենալու միջոցով: Մենք յաճախ անոր կը սորվեցնենք յարգել մեծերը, փոքրերը, այլոց եւ այլն: Սակայն հազուադէպօրէն կը սորվեցնենք մեր մանուկներուն յարգել իրենք զիրենք, իրենց մարմինը, հանգիստը, առողջութիւնն ու ձգտումները: Այս բոլորը շատ կարեւոր կը համարուին անոր հաւասարակշռուած աճումին համար:
3. Խնամել տունը
Իւրաքանչիւր մանուկ, օրուան ընթացքին, բացի իր դասերէն, սենեակը կարգաւորելէն եւ այլն, պիտի որեւէ ձեւով մասնակցի տան խնամքի աշխատանքներուն: Պայման չէ որ ան բարդ եւ ժամանակ վատնող գործեր ընէ: Այլ պարզապէս կատարէ աշխատանք մը, որ անհրաժեշտ է իր շրջապատին, մարդոց, միջավայրին, բնութեան համար: Մանուկը պիտի իմանայ, որ տունը, ուր ձմրան տաք է, ամրան զով, միշտ համեղ ուտելիք կայ, քաղցրեղէն կայ, հագուստ կայ, մաքուր է ու յարմարաւէտ է, գեղեցիկ է յաճախ ու հիւրընկալ, կը կարգաւորուի ընտանիքի բոլոր անդամներուն ջանքերով։ Այդ տունը ստեղծելն ու պահելը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ: Եթէ տան կարգաւորումով զբաղին քանի մը հոգի, ոչ բոլորը, ծանրաբեռնուողը պիտի յոգնի, յաճախ հիւանդանայ: Աշխատանքի ճնշումն ալ հիւանդութիւն է:
Փոքրիկին պէտք է համոզել, որ տան մէջ բոլորին առողջութիւնը պահպանելու համար, անհրաժեշտ է որ իւրաքանչիւրը մասնակցի տան դասաւորման ու մաքրութեան աշխատանքներուն: Սա փոքր քայլ մըն է, սակայն կը ձեւաւորէ պատասխանատու մարդը:
Այս բոլորին հետեւանքով կրնանք ունենալ առողջ մտքով, մարմինով եւ պատասխանատուութեամբ օժտուած մարդ: