Կ’ըսեն՝ կամք, աշխատանք եւ կորով….
Ի՞նչ է իմաստը կեանքին, եթէ մարդ չունենայ իր մէջ զոհողութեան ոգի:
Ամէն մարդ, քիչ թէ շատ, մեծ կամ պզտիկ նպատակներ կ’ունենայ , եւ կը փորձէ զանոնք իրագործել իր կեանքի ընթացքին: Մարդ պէտք է ունենայ համբերութիւն, որ հետեւողական ձեւով եւ խստօրէն հետապնդէ իր նպատակները: Այդ ընթացքին ատեն-ատեն, կամ միշտ պիտի քննադատուի, կամ պիտի լսէ ժխտական կարծիքներ: Այս դարուն կարծես մարդիկ չեն ուզեր որ ուրիշներ յաջողին, տեղ հասնին: Բայց եւ այնպէս ամենակարեւորը մարդուն կամքն է ու զոհողութեան ոգին: Առանց յոգնութեան եւ առանց յարատեւ ճիգի կարելի չէ յաջողիլ:
Ամէն մարդ նպատակ մը պէտք է ունենայ, որպէսզի կեանքը իմաստ ստանայ: Փոքր տարիքէն պէտք է նպատակ ունենանք եւ դպրոցական տարիքէն պէտք է սորվինք ու աշխատինք, որպէսզի հասնինք մեր ուզածին:
Ամէն մարդ ունի իր մէջ ուժ մը ենթագիտակցութենէն, որ զինք կը մղէ բան մը ըլլալու: Եթէ մարդ համոզուի ասոր, կը մնայ որ ան աշխատի, չծուլանայ, չթուլանայ այնքան, որ ինքզինք անկարող զգայ: Թոյլ չտայ մանաւանդ ուրիշներու քննադատութիւնները եւ ժխտական կարծիքները ազդեն իր վրայ: Միայն ուժեղ կամքի զօրութեամբ է որ մենք կը յաղթահարենք բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:
Յստակ նպատակ, ուժեղ կամք եւ յարատեւ աշխատանք:
Որքան ալ դժուար կամ բարդ ըլլան պայմանները, անպայման կարելի կը դառնայ բարի ցանկութիւններու եւ երազանքներու իրագործումը:
Նոր տարի մը սկսանք: Թող իրականանան բոլորին երազանքները:
Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան