«Ակօս».-Օսմանեան շրջանին հայ գեղանկարիչներուն գործերը կը ցուցադրուին «Քանվաս» գեղարուեստական ցուցասրահին մէջ։ Արուեստի հաւաքարար Աթըլկան Պայարի իր դստեր Շիրազ Պենկի Պայարի անունով կազմած հաւաքածոյին մէջ կը հանդիպինք Աշոտ Զորեան, Դաւիթ Չրաճեան, Կարապետ Եազմաճեան, Ժագ Իհմալեան, Մայիտէ Արէլ, Մարի Քըպրըսլեան, Մարի Փափազեան, Մկրտիչ Ճիվանեան, Յովհաննէս Օննիկ Քիւրքչիւեան, Օննիկ Ադամեան, Բիւզանդ Գոճամանեան եւ Սիմոն Եազըճեանի նման նկարիչներու կարեւորագոյն գործերը։
Հաւաքածոն իր այս բովանդակութեամբ կը համարուի հայ օսմանեան նկարիչներու ամենածաւալուն օրինակը։ Ցուցադրուած գործերուն մէջ են Ճիւանեանի «Իսթանպուլ»ը, Եազըճեանի ցարդ անյայտ «Գուշակ Կին»ը եւ Բիւզանդ Գոճամանեանի «Էշեր»ը։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 20 Յունուար ու ապա պիտի ցուցադրուի Փարիզի, Նիսի, Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ։