Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հրապարակած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Խալէտ Ապպուտի խօսքը Սուրիոյ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին շուրջ, որուն մէջ ան դիտել տուած է. «Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայիս կ’անցնի տնտեսական լուրջ տագնապէ եւ դժուարին պայմաններէ, որոնք կարելի է վերագրել «կազի, մազութի, պէնզինի, ելեկտրականութեան չգոյութեան եւ սղաճին»: Հասկնալի է, մեր բարի ու աշխատասէր ժողովուրդն ալ կը հասկնայ, որ երկիրը պատերազմի մէջ է, շրջափակման ենթարկուած է։ Այս հարցերուն մէկ մասին լուծումը, սակայն, կարելի էր, յատկապէս վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան առնչուող հարցերուն, որոնք անմիջական կապ ունին մարդուս առօրեայ կեանքին հետ»:
Ան հարց տալով ըսած է. «Արդեօք տրամաբանակա՞ն է, որ մեր կառավարական հաստատութիւններն ու պատկան մարմինները չէին նախատեսած այս տագնապը եւ համապատասխան սերտողութիւն չէին ըրած ժողովուրդին կարիքները ապահովելու համար, եւ կամ չեն գիտեն սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով ճշդուած իրենց պարտաւորութիւնները»:
Ապպուտ այնուհետեւ աւելցուցած է.«Իսկապէս ամօթալի երեւոյթ է, երբ կառավարութիւնը իր անտարբեր կեցուածքը կ’արդարացնէ ըսելով որ քաղաքացիներուն վերլոյիշեալ նիւթերուն պահանջը ձմրան եղանակին աւելցած է, հետեւաբար կառավարական հաստատութիւնները կարողութիւն չունին ժողովուրդին կարիքը ապահովելու»:
Ապա նկատել տուած է. «Մինչ ժողովուրդը դժուար պայմաններէ կը տառապի, կառավարական հաստատութիւնները կը շարունակեն լուռ մնալ: Արդեօ՞ք ոչ ոք փափաք ունի ժողովուրդին տառապանքին ճիչը լսելու կամ օգնութեան ձեռք երկարելու անոր»։
Ապպուտ եզրափակելով ըսած է. «Անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ կառավարական հաստատութիւնները պատասխանատու են այս ցաւալի վիճակին: Անոնք պարտաւոր են այս դաժան պայմաններուն լոյսին տակ ժողովուրդին տառապանքը զգալ, անոր ցաւին բաժնեկից դառնալ եւ բոլոր կարիքները ապահովել»: