Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ՀՅԴ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան դիմատետրի էջին վրայ կատարած գրառումով պատրաստակամութիւն յայտնած է միանալու Թեւան Պօղոսեանի` միասնականութեան առաջարկին․
“Ծանօթացայ Թեւան Պօղոսեանի
հրապարակած առաջարկներուն` Արցախի Հանրապետութեան մէջ սպասուող ընտրական գործընթացներու մեկնարկին առնչութեամբ:
Կ’ողջունեմ գաղափարը: Մենք համոզուած ենք, որ կրնանք միասնական ըլլալ եւ համատեղ լուծել հարցերը, մրցակցիլ միմիայն ծրագիրներով:
Դաշնակցութեան կողմէ միասնականութեան ապահովման համար վերջին ամիսներուն բազում ու բազմակողմանի քայլեր նախաձեռնուած են:
Նմանատիպ նախաձեռնութիւններու համար մենք միշտ բաց ենք եւ պատրաստակամ”, գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի նախագահ, քաղաքագէտ Թեւան Պօղոսեան դիմատետրի գրառումով հրապարակաւ առաջարկած էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներուն, իբրեւ միասնականութեան դրսեւորում, նախընտրական քարոզարշաւի առաջին օրը բոլոր թեկնածուներով միասին սկսիլ Դադիվանքէն` պատի ամրացման համար միատեղ աշխատանքով, ապա մէկ շաբաթ անց միասին այցելել որեւէ կրթական օջախ, այնուհետեւ մէկ շաբաթ անց միատեղ այցելել որեւէ առողջապահական հաստատութիւն, իսկ քարոզարշաւի վերջին օրը բոլոր թեկնածուներով միասին այցելել որեւէ զօրամաս: