«Արցախփրէս».-Աշխարհի պետութիւններուն միջեւ ունեցուածքի անհաւասարութիւնը կը փոքրանայ, բայց կ’աւելնայ երկիրներուն ներսը եղած ունեցուածքի տարբերութիւնը: Սա աշխարհին նոր Մեծ ճգնաժամի սպառնալիք է:
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի նորանշանակ ղեկավար Քրիսթալինա Գէորգիեւան անհաւասարութեան մատնանշման համար օրինակ բերած է Մեծն Բրիտանիան, ուր, ըստ անոր, ամենահարուստ 10 տոկոս բնակչութիւնը ունի նոյնքան ունեցուածք, որքան բնակչութեան համեմատութեամբ կէսը աղքատ: Ան այս հարցը վերագրած է բոլոր զարգացած երկիրներուն ու ըսած, որ աղքատութեան եւ հարստութեան այդ բեւեռացումը կը շարունակուի:
Գործընթացներուն այսպիսի ընթացքը պաշտօնեային յիշեցուցած է 20-րդ դարու սկիզբը, երբ բուռն զարգացումէն ետք աշխարհը 1929 թուականին սկսած Մեծ ճգնաժամին առջեւ կանգ առաւ: Ամերիկայէն սկսեալ այս ճգնաժամը անգործութեան մատնեց աշխարհի զարգացած երկիրներու բնակչութեան զգալի խումբերը ու յանգեցուց տնտեսական աղէտի: