Տարիներու աւանդութիւն դարձած է Յունուար ամսուն Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներէն ետք Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը յիշատակել:
Արդարեւ, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, եկեղեցիներու միաբանութեան աղօթքի յատուկ արարողակարգով Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք: Օրուան բնաբանն էր՝ Առաքեալներու Գործերու 28-րդ գլխուն առաջին համարը. «Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ»:
Ողջոյնի խօսքէն ետք նախ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Արարողակարգի երկրորդ մասով հոգեպարար արարողութեամբ իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուցիչ աղերսանք բարձրացուց առ Աստուած, հետեւեալ խորագրերով.
1- Գոհութիւն մատուցանենք Հօր Աստուծոյ, որ մեզ կը միացնէ այս աղօթքին մէջ:
2- Թողութիւն հայցենք Հօր Աստուծմէ, մեր՝ Քրիստոնէական միաբանութեան դէմ գործած մեղքերուն համար:
3- Խնդրանք ներկայացնենք Աստուծոյ, որ հաստատէ մեզ մեր միաբանութեան ընթացքին մէջ:

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ Յովհաննէս Մանդակունիի օրէն մինչեւ մեր օրերը անընդհատ հնչող երեկոյեան ժամերգութեամբ, հոգեզմայլ աղօթքներով եւ Աստուածամօր դիմելով, միասնական աղօթքի ճամբով նորոգեցինք մեր համոզումը ու վերահաստատեցինք, որ Քրիստոս չէ հիմնած բազմաթիւ եկեղեցիներ ազգերու եւ ժողովուրդներու համաձայն, այլ հիմնած է մէկ եկեղեցի եւ անոր շուրջ համախմբած համայն աշխարհը իբրեւ անոր կենդանի անդամները:
Քահանայ հայրը ըսաւ, որ եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը իմաստ կը ստանայ եկեղեցիներու միութեան գաղափարով եւ այդպիսով միայն կ’իրականանայ Քրիստոսի հետեւեալ բաղձանքը «Հայր, մէկ ըլլան անոնք, ինչպէս որ մենք մէկ ենք»:
Խօսքի աւարտին, քահանայ հայրը մաղթեց, որ Քրիստոսի սէրը մարդոց մօտեցնէ իրարու եւ փարատէ ամէն խոչընդոտ:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով յայտնեց, որ եկեղեցիներու միութեան խորհուրդը կւ շեշտադրէ, որ եկեղեցին մէկ է, որովհետեւ դարերու ընթացքին միշտ ալ մէկ եղած է, քանզի Տէրը մէկ է եւ մկրտութիւնը՝ մէկ:
Վերապատուելին կարեւոր համարեց քրիստոնեաներուն միաբանութիւնը, որովհետեւ ներքին եւ արտաքին ճնշումներու հետեւանքով դարերու ընթացքին անոնց մէջ յառաջացած են բաժանումներ եւ խախտումներ:
Միասնական աղօթքի աստուածաշնչական հատուածը մէջբերելով, Վերապատուելին անոր փոխաբերական իմաստը պարզեց, դիտել տալով, որ այսօրուան աշխարհը ցուրտ է եւ կ’անձրեւէ, որմէ պաշտպանուելու համար անհրաժեշտ է մօտենալ կեդրոնին՝ խարոյկին եւ խարոյկը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն է:
Խօսքի աւարտին, ան մաղթեց սիրով զօրանալ, այնպէս ինչպէս Աստուած սիրեց մեզ ու իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդոց հետ հաշտութիւն կնքելու համար:
Հուսկ պատգամ փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, իր ուրախութիւնը յայտնելով հայ եկեղեցւոյ աւետարանական, կաթողիկէ եւ առաքելական երեք հոգեւոր եղբայրներով համախմբուելուն առիթով, միասնաբար նշելու աղօթքի շաբթուան նուիրուած յատուկ խորհուրդը:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը այս շաբթուան ընթացքին կը յիշատակէ եկեղեցիներու բաղձալի միութեան հասնելու աղօթքի շաբաթը: «Մեր իղձերուն եւ աղօթքներուն մէջ կը փնտռենք այն օրը եւ պահը, երբ Տիրոջ անունով պիտի յայտարարենք մեր միութիւնը»:
Աւելցնելով ան ըսաւ, որ քրիստոնեայ ժողովուրդները թէեւ կը խօսին տարբեր լեզուներ, ունին տարբեր մշակոյթներ, սակայն բոլորին խորքը եւ միացնող ոսկի օղակը Քրիստոսն է:
Աղօթքի շաբթուան աստուածաշնչական հատուածը պարզաբանելով սրբազան հայրը հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր Կտակարանը ընթերցելու, յատկապէս Առաքեալներու Գործերու 28-րդ գլուխը, որուն մէջ յիշուած է, թէ ինչպէ՛ս կղզիի բնակիչները յատուկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին խորտակուած նաւէն փրկուողներուն: Ուստի քրիստոնեաներս որքան աւելի եղբայրական մարդասիրութիւն պէտք է ցուցաբերենք իրարու հանդէպ:
«Երեք համայնքապետներուն աղօթքն է, որ եկեղեցին իր գլուխով՝ Քրիստոսով, միշտ կանգուն մնայ փոթորիկներուն դիմաց, իսկ մենք ըլլանք Քրիստոսի հաւատքին ջահերը բարձր պահողները եւ այդ հաւատքը տարածողները, առաջնորդ ունենալով Քրիստոսի լոյսը»:
Աւարտին, ներկաները միաբերան աղօթք արտասանեցին, ապա երեք համայնքապետներուն հոգեպարար աղօթքէն ետք անոնք մեկնեցան եկեղեցիէն: