Հոլանտայի մէջ ՀՅԴ հիմնադրման 129-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցած է աւանդական երդման արարողութիւն: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի կնքահայրութեամբ երդում տուած են եւ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցի շարքերը համալրած հինգ նորագիրներ:
Յիշենք, որ Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ 18 Յունուարին տեղի ունեցած է ՀՅԴ 129-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, ուր որպէս օրուան գլխաւոր բանախօս հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: