Անցնող օրերու դէպքերուն թաւալգլոր ընթացքը կը մղէ լիբանանցի քաղաքացին դուրս գալու տրամաբանութեան, իրատեսութեան եւ ողջմտութեան ամէն «կապանք»-է եւ բարձրաղաղակ գոռալու`

«Ա՛լ կը բաւէ, վե՛րջ տուէք այս խեղկատակութեան»:

Իրաւամբ, երկրին մէջ փտածութիւնը, օրինազանցութիւնը, պետական գանձի իւրացումը, դրամատիրական դասակարգի բարբարոս շահագործումը, քաղաքացիի հացին ոտնակոխումը ստեղծած էին այնպիսի շնչահեղձ մթնոլորտ, որ երբ եկաւ հոկտեմբեր 17-ի ժողովրդային ցասումը եւ աւելի ուշ կառավարութեան հրաժարականը, լիբանանցին յոյսի շունչ քաշեց ու ակնկալեց տասնամեակներու վրայ երկարած տառապանքի լուծման նախանշաններ տեսնել:
Դժբախտաբար, յոյսը արագօրէն յօդս ցնդեցաւ:

Ժողովրդային պոռթկումի անկեղծ պահանջատէրերը դէմ յանդիման գտնուեցան քաղաքականօրէն թափանցուած տարրերու, քաղաքական ուժեր շահագործեցին ցոյցերը, համայնքային մտածողութիւնը վերադարձաւ, փողոց ընդդէմ փողոցի խաղը վերսկսաւ, միջթաղային եւ պատերազմը յիշեցնող բախումներ կամ անցարգելներ արձանագրուեցան, օտար սպասարկութիւններ (ներառեալ թրքական) տեղական «յաճախորդներ» գործի լծեցին, ու նենգափոխուեցաւ արդար պահանջներով հրապարակ եկած ցասումի խաղաղ եւ քաղաքակրթուած արտայայտութիւնը:

Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, դրամատուներու շահամոլական դիտաւորութիւնն ու քաղաքացիին ճակտի արդար քրտինքին արգասիքը պատանդ վերցնելու գործընթացը, եւ դեռ` քաղաքական դէմքերու կոշտ, անտեղի, թունաւոր, զիրար փոքրացնող ու քանդիչ արտայայտութիւնները ստեղծեցին դէպի անօթութիւն եւ սով երթալու դիտաւորեալ խուճապ:

Իսկ երկրի քաղաքական ու տնտեսաելեւմտական վերնախաւը շարունակեց եւ դժբախտաբար կը շարունակէ ականջ եւ աչք փակելու իր գործելաոճը` պահելու համար իր առանձնաշնորհումները, քաղաքական առաւելութիւններն ու նիւթական շահերը:

Կասկածելի շարժումներ, պետական կարգ մը հաստատութիւններու վրայ յարձակումներ, խափանարարական արարքներ, խուլիկանութիւն, աւազակութիւն եւ գողութիւն, երկրի ապահովութեան հսկող ուժերուն դէմ յարձակումներ, համեմուած` լրատուական մարզի կարգ մը շրջանակներու նպատակաուղղուած, բայց ոչ անպայման ազատ կարծիք կոչուող իրաւունքի պահպանման սիրոյն եղող թիւր տեղեկարշաւ, եղան անպակաս, առանց անոնց ալ կոտտացող եւ արիւնաքամ քաղաքացիին հանապազօրեայ «հաց»:

Ամբոխները խելագարած…

Երկիրը ամբողջ պատանդ` քաղաքական խունթայի մը…

Բայց կարելի չէ մոռնալ, որ երբ տաճարը փուլ գայ, բոլորս կը մնանք անոր փլատակներուն տակ:

Զգաստութեան ժամանակն է: Արդէն ուշ ալ է:

Վե՛րջ պէտք է տրուի այս խեղկատակութեան:

Նախարար մը աւելի, նախարարութիւն մը պակաս, համայնքային իրաւունք մը աւելի կամ պակաս, քաղաքական ղեկավարի մը արժանապատուութիւն կամ կրօնաւորի մը նոր քարոզ կամ պատգամ այլեւս արժէք չունին:

Կազմեցէ՛ք կառավարութիւնը:

Լսեցէ՛ք ժողովուրդը:

Կազմեցէ՛ք կառավարութիւնը եւ սկի՛զբ դրէք բարեկարգումներուն:

Վե՛րջ տուէք այս զաւեշտին:

Դադրեցուցէ՛ք արիւնահոսութիւնը:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ