ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է ծանօթանալ տեղւոյն ՀՀ ՊՆ սահմանային գիծի ճարտարագիտական եւ հետազօտական կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ գնահատել այդ գիծի վերապատրաստման կարիքները` նախնական դասընթացքի եւ քննարկումներու միջոցով: Քարտէսագրուած կարիքներու հիման վրայ պիտի մշակուի ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան- Մարդու Իրաւունքներու Բարի վարքի Կեդրոնի զարգացման նպատակային ծրագիր` «Հետազօտութիւններ եւ մեթոտաբանութիւն» եւ «Կրթութիւն եւ վերապատրաստումներ» ուղղութիւններով: