«Արմէնփրէս».-Ժնեւի մէջ 12 Յունուարէն 21-ին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդին որոշումով Հայաստան ընտրուած է Խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ 2020-2021 թթ. համար: ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը յիշեցուցած է, որ 21 Նոյեմբեր 2019-ին Փարիզի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր ժողովի 40-րդ նստաշրջանին Հայաստան ընտրուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023թթ. ժամանակահատուածի համար) եւ Գլխաւոր ժողովի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանին համար):
Կրթութեան միջազգային բիւրոն ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաջնակառգ մակարդակի հիմնարկ է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն կրթութեան ոլորտէն ներս մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութեան օժանդակութիւն կը տրամադրէ: