ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացակեանեան 22 Յունուարին ՀՀ Ազգային ժողովի կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին պատասխանելով «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սօս Աւետիսեանի` Ատրպէյճանի մէջ սպասուող քաղաքական փոփոխութիւններու հարցին
յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները անհրաժեշտութիւն կը համարէ եւ անոնցմէ խուսափելու նպատակ չունի:
«Մենք կը բանակցինք Ատրպէյճանի հետ եւ կը բանակցինք մեր դիրքորոշումներով` անկախ անկէ, թէ ով կայ ատրպէյճանական կողմը: Այդ առումով, անշուշտ, ընտրութիւնները հանգամանք են, որ մենք նկատի կ’առնենք, բայց նաեւ կը շեշտենք, որ բանակցութիւններ անհրաժեշտ գործընթաց են եւ մենք բանակցութիւններէն խուսափելու որեւէ նպատակ չունինք», ըսաւ Մնացականեան: