ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ նիւթական ժառանգութիւնը մեզի համար արժէք է, որուն պատշաճ խնամքը, արժեւորումն ու փոխանցումը սերունդներուն՝ բոլորիս պարտքն է։ Մուշեղեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր-Փիձձա» սննդեղէնի սպասարկման ցանցի տնօրէնութեան՝ իր նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելուն եւ «Տաշիր-Փիձձա»-ի՝ Հանրապետութեան 37 հասցէին վրայ գտնուող երեւանեան սրահներէն մէկուն «Տաշիր-Փիձա» վերտառութեամբ ցուցատախտակը հանելուն համար:

Յիշեցնենք, որ յիշուած հասցէին շէնքը, ուր ներկայիս կը գտնուի «Տաշիր-Փիձձա»ի սրահներէն մէկը, կը համարուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդանշող նիւթական մշակոյթի նմոյշներէն մէկը, ուր 1918-1920 թթ. հաստատուած էր հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ նոյն պատշգամէն, որուն ներքեւը տարիներէ ի վեր կախուած էր «Տաշիր-Փիձձա»ի ցուցանակը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան ընթերցած էր Անկախութեան հռչակագիրը՝ յայտարարելով Հայաստանի անկախութիւնը։

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հանդէս գալով նշեալ ցուցատախտակը հանելու եւ զայն բոլորովին այլ բովանդակութեան ցուցատախտակով փոխարինելու նախաձեռնութեամբ, 2 Հոկտեմբեր 2019-ին նամակ ղրկած էր «Տաշիր-Փիձձա»ի տնօրէնութեան՝ խնդրելով հանել նշեալ ցուցանակը: Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գ. Մուշեղեանի ստորագրութեամբ յիշեալ նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր «Տաշիր-Փիձձա»ի տնօրինութեան՝ նշեալ ցուցանակի փոխարէն տեղադրել շէնքի ու պատշգամի պատմական արժէքը արտացոլող ցուցանակ կամ յայտարարութիւն:

«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմած ենք ե՛ւ «Տաշիր Փիձձա»ի տնօրինութեան՝ յայտնելով շնորհակալութիւն, ե՛ւ Երեւանի քաղաքապետին, որմով կ՝առաջարկենք՝ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ արտօնութիւն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքին, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ», ըսաւ Գ. Մուշեղեան:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ կը համարէ այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ հրճուալից գրառումներ կ՝ընեն՝ յայտարարելով, որ յիշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է քաղաքական այս կամ այն ուժին նախաձեռնութեամբ:

«Եւ այսպիսի յայտարարութիւններու հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական խումբի անդամները ամէն օր ոտնձգութիւններ կը կատարեն մեր ազգային արժէքներուն դէմ: Կրնա՞յ որեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող ներկայ իշխանութիւնները կրնային արտօնել այնպիսի «ճոխութիւն», ինչպիսին է Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքներու արժեւորումը», զարմանքով իր խօսքը եզրափակեց Գ. Մուշեղեան: