Արցախի նախագահի ՀՅԴ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, որ Քարվաճառի շրջանի գետերուն վրայի փոքր հիտրօ ելեկտրակայաններու շինարարութիւնը դադրած է:
“Տեղեկացայ, որ Քարվաճառի շրջանին մէջ լարուած մթնոլորտ ստեղծուած է եւ հասարակական որոշ շրջանակներ կը պահանջեն անյապաղ դադրեցնել շրջանի գետերուն վրայ փոքր հիտրոօ ելեկտրակայաններու շինարարութիւնը եւ գործող կայարաններուն աշխատանքը:
Կարեւոր համարելով Արցախի ուժանիւթի համակարգը ինքնաբաւ դարձնելու տարուող աշխատանքները, միաժամանակ մտահոգուած եմ երկրին մէջ առկայ բնապահպանական հարցերով:
Անմիջապէս կապ հաստատած եմ Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանի հետ, մանրամասնութեամբ տեղեկանալու ստեղծուած իրավիճակին: Հարցը շրջանային վարչակազմի ուշադրութեան առարկան է եւ այս պահուան դրութեամբ դադրած են շինարարական աշխատանքները:
ՀՅԴ Արցախ-ի ԿԿ-ն անդրադարձած է Քարվաճառի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ ընդհանրապէս բնապահպանական հարցերուն ու համապատասխան յանձնարարականներ տուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան”, գրած է ան: