«Ակունք».-Վենետիկցի Մարինօ Սանուտոս իր «Խաչակիրներու Գաղտնի Գիրքը» աշխատութեան մէջ կը գրէ Կիլիկեան Հայաստանի 25 նաւահանգիստներու մասին: Այսօր դժուար է գտնել այդ բոլոր նաւահանգիստներուն տեղերը, սակայն ամենայայտնիները առ այսօր ուշագրաւ են հզօրութեամբ եւ փառաւոր տեսքով:
Այաս` Կիլիկեան Հայաստանի գլխաւոր նաւահանգիստն է: Հոն մտնողներուն սկիզբը կը դիմաւորէ Այասի ծովաբերդը, որ կը հսկէ նաւահանգիստի մուտքին: Քաղաքը պաշտպանող պարիսպը կ’իջնէ դէպի ծով եւ կ’աւարտի նաւահանգիստի մուտքին մօտ կառուցուած աշտարակով: «Սա Հայաստանն է» նախագիծի հեղինակներուն հաւաստիացումով` պատերուն մէջ կան քարեր, որոնք շրջանակաձեւ են:
Հաղորդումը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս նաւահանգիստին մէջ առեւտրային ու զինուորական նաւեր կը պատրաստուէին: Այդ նպատակին կը ծառայէին նաեւ Այասի մէջ գործող աշտարակները:
Բացի Այասէն, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ կային նաեւ այլ նաւահանգիստներ: Օրինակ` Կորիկոսը: Հոն, ամենաբարձր աշտարակին վրայ, պահպանուսծ է Հեթում թագաւորի հայերէն գրութիւնը:
Նախագիծի հեղինակներուն համաձայն, Կիլիկեան բոլոր ամրոցները ունեցած են գաղտնի ելքեր: