՛՛Ազդակ՛՛- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժամը» լրատուամիջոցին հետ երկու իրերայաջորդ օրերու ընթացքին ունեցաւ կարճ հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին ան անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան:
Նախանցեալ օրուան հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանը թաւալգլոր դէպի անդունդ կ՛ուղղուի, եւ երբ երկինքը փուլ գայ, բոլորին վրայ է, որ փուլ պիտի գայ. թէ՛ ժողովուրդին, որ ահռելի դժուար օրերու մէջ կը գտնուի եւ թէ քաղաքական ղեկավարներուն վրայ:
«Պէտք է կառավարութիւնը շատ արագ կազմուի: Երբ շատ արագ կ՛ըսեմ, այսինքն` կը խօսիմ 24 ժամուան, կամ առաւելագոյնը` 48 ժամուան մասին», ըսաւ ան:
Երէկուան հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ կին նախարարին` Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, որ ստանձնած է մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը:
«Տիկին Վարդինէ Օհանեան, որ տնօրէնուհին է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի, մարզական միութիւններու մէջ աշխուժ է, հայկական վարժարան յաճախած է, հայու հետ ամուսնացած, եւ անոր զաւակները հայկական վարժարան կը յաճախեն», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք գոհ է կառավարութեան կազմէն` աւելցնելով, որ թէեւ նախորդ կառավարութեան մէջ կային երկու հայ նախարարներ, սակայն ինք չի նկատեր, որ ՀՅԴ-ն կամ Լիբանանի հայ համայնքը իր դիրքերէն զիջած է կամ տկարացած: