20 Յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ կազմակերպուած է քննարկում՝ նուիրուած Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին: Քննարկումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան, պատգամաւորներ, Գաղթականներու միութեան անդամներ, Պաքուի ջարդերու ականատեսներ, լրագրողներ, երիտասարդներ:
Քննարկումի հիմնական բանախօսը ամերիկահայ գրող, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթն էր:
Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մանասեանի կարծիքով՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցածը Թուրքիոյ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: