1915էն 1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութենէն փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական գրեթէ ամբողջական ոչնչացումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1941-ին ձեռնամուխ եղաւ ողջ մնացած հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ որոշ թուրք մահմետականներու նիւթական կործանման:
Նախապէս Անգարա բնակող թուրք լրագրող եւ քաղաքագէտ Ուզէյ Պուլութ համապարփակ յօդուած տեղադրած է greekcitytimes.com կայքին մէջ՝ ««Ունեցուածքի հարկի մասին» օրէնք, ինչպէս Թուրքիա տնտեսութենէն հեռացուցած է ոչ-մահմետականները» խորագիրով։
Այդ օրերու վարչապետ Շուքրու Սարաչօղլուի ազգայնամոլական կառավարութիւնը 11 Նոյեմբեր 1942-ին ընդունեց «Ունեցուածքի հարկի մասին» օրէնքը։ Թէեւ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն մեծ ուշադրութեան արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն տուրքերու միջոցով անոնց ունեցուածքին բռնագրաւումը այդքան ալ լաւ լուսաբանուած չէ։ Իսթանպուլ ապրող փոքրամասնութիւնները զանգուածային տեղահանութիւններու չեն ենթարկուած Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ՝ նոյն այդ քաղաքին մէջ օտար երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայութեան պատճառով. Սթամպուլը այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքն էր:
Թուրք մտաւորական Պաշաք Ինչէն գրած է, որ յայտարարուած նպատակն էր՝ «տուրքի ենթարկել նախապէս տուրքի չենթարկուած առեւտրային ունեցուածքը եւ զսպել Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի գնաճը։ Սակայն, ասոր հիմնական պատճառը փոքրամասնութիւնները տնտեսութենէ հեռացնելն էր եւ ոչ մահմետական քաղքենիութեան փոխարինումը իր թուրք գործընկերներով»։
Թուրք ուսումնասիրող Ռիտուան Աքար, որ գիրք գրած է չափազանց մեծ «Ունեցուածքի հարկ»ի մասին, զայն անուանելով «տնտեսական ցեղասպանութիւն փոքրամասնութիւններու դէմ»:
Ահա չորս խումբերը եւ անոնց նկատմամբ կիրարկուած տուրքերու տոկոսները 1941 թուականի հարկային օրէնսդրութեան համաձայն՝ հայեր (232 տոկոս), հրեաներ (179 տոկոս), յոյներ (156 տոկոս) եւ մահմետականներ (4,94 տոկոս):
«Օրէնքի կիրարկման եղանակը խայտառակութիւն էր», գրած է քաղաքագիտական գիտութիւններու դասախօս Ինչէ։ «Հաւատափոխները կը վճարէին մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի, քան մահմետականները, մինչդեռ ոչ մահմետականները՝ տասը անգամ աւելի։ Աւելին, ոչ մահմետականները պարտաւոր էին 15 օրուան ընթացքին իրենց տուրքերը վճարել կանխիկ գումարով. ասոր ի հետեւանք անոնք ստիպուած էին աժան գիներով ծախել իրենց առեւտուրը կամ ունեցուածքը մահմետական գործարարներուն՝ պարտքը փակելու համար։ Օրէնքը կը կիրարկուէր նաեւ շատ աղքատ ոչ մահմետականներու դէմ (26 հազար հոգի), ինչպիսիք էին վարորդները, բանուորները եւ նոյնիսկ մուրացկանները, մինչդեռ անոնց մահմետական գործընկերները պարտաւոր չէին վճարելու որեւէ հարկ»:
«Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել տուրքերը, կը ղրկուէին Էրզրումի մօտակայքը գտնուող Ասքալէ քաղաքի աշխատանքային ճամբարները, կ’արտաքսուէին կամ անոնց ունեցուածքը կը գրաւուէր կառավարութեան կողմէ», գրած է Պուլութ։
Հեղինակ Սիտնի Նովիլ նկարագրած է աշխատանքային ճամբարը իբրեւ «տարածք մը, ուր ձմեռը աւելի դաժան է, քան Մոսկուայի մէջ»։ Հարկային պարտապաններուն ստիպած են քարեր կոտրել, սակայն ողբերգութիւնը ատով չէ աւարտած…
Ինչէն գրած է՝ «40 հազար հարկային պարտապաններէ մօտաւորապէս հինգ հազար մարդեր ուղարկեցին այս ճամբարները, եւ բոլորն ալ ոչ մահմետական համայնքներու անդամներ էին։ Դժբախտաբար, 21 մարդ մահացաւ այդ ճամբարներուն մէջ, իսկ կառավարութիւնը իւրացուց անոնց ունեցուածքը եւ զայն աժան գինով ծախեց թուրք մահմետականներուն»։
Աւելին, «Կառավարութիւնը բռնագրաւեց նաեւ հարկային պարտապաններու մերձաւոր հարազատներուն ունեցուածքը, նոյնիսկ եթէ անոնք ուղարկուած էին աշխատանքային ծառայութեան»:
Պուլութ մէջբերած է նաեւ պատմաբան Քորի Կուտշթատին, որ իր՝ «Թուրքիան, հրեաները եւ Ողջակիզումը» գիրքին մէջ գրած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ոչ մահմետական քաղաքացիներու՝ «Ունեցուածքի հարկ»ի պատճառած նիւթական եւ հոգեբանական կործանման մասին։ «Մարդիկ, որոնք ի վիճակի չէին վճարելու, դիմումի պարագային կը ստանային երկշաբաթեայ երկարաձգում, սակայն տոկոսային չափը կը գանձուէր նաեւ այս ժամանակահատուածի համար։ Բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած էին ծախելու իրենց խանութներն ու գործարքները, իրենց տուները, նոյնիսկ գորգերը, կահոյքը եւ կենցաղային այլ իրեր, որպէսզի հաւաքեն տուրքերու գումարները…: Կարգ մը մարդիկ յուսահատութենէ ինքնասպան կ’ըլլային։ Արտասովոր հարկեր կը գանձուէին նաեւ օտարերկրացի հրեաներէ, եւ եթէ անոնք ի վիճակի չէին վճարելու, անոնց ունեցուածքը կը բռնագրաւուէր, մինչեւ մահճակալներն ու պահարանները: Թէեւ օրէնքը կը սահմանէր, որ 55-էն բարձր տարիքի մարդիկ ազատ կացուցուած են աշխատանքային ծառայութենէ, սակայն 75 եւ 80 տարեկան տղամարդոց եւ նոյնիսկ հիւանդ մարդոց քարշ կու տային երկաթուղային կայարան եւ կ’արտաքսէին»։
Թուրքիոյ վարչապետ Սարաչօղլու այդ օրերուն յայտարարած էր. «Այս կերպով մենք կը ջնջենք օտարերկրացիներու խիստ վերահսկողութիւնը մեր շուկային մէջ եւ թրքական դրամները կը դնենք թուրքերուն ձեռքը»։
Թուրք ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու շատ ուսումնասիրած եւ գրած է Թուրքիոյ կառավարութեան «Ունեցուածքի հարկ»ի քաղաքականութեան մասին՝ պատմական փաստաթուղթերու եւ զոհերու վկայութիւններու հիման վրայ: Յունական ծագումով թուրք կնոջ՝ Մարիքա Շիշմանօղլուի խօսքերով, իր հայրը հարկադրուած էր վճարելու ահռելի մեծ տուրք՝ 30 հազար թրքական լիրա, որուն գոյացման համար ստիպուած եղած է ծախելու ինչպէս իր երկու տուները, այնպէս ալ խանութը, եւ դեռ չէ կրցած վճարել հարկային ամբողջ գումարը։ Ուստի, զայն արտաքսած են Ասքալէի աշխատանքային ճամբար։ Անոր հօրեղբօր վրայ եւս աննախադէպ հարկային մեծ բեռ դրուած է, ինչ որ զայն հասցուցած է նիւթական կործանման։ Զայն եւս արտաքսած են Ասքալէ։ Շիշմանօղլուի հայրը սրտի կաթուածէն մահացած է Սիւրիհիսարի աշխատանքային ճամբարին մէջ, 57 տարեկան հասակին:
««Ունեցուածքի հարկ»ը չեղեալ յայտարարուեցաւ 1944 Մարտին՝ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քննադատութեանց ճնշման ներքոյ», գրած է Պուլութ: «Անիկա, այսպէս կոչուած, «աշխարհիկ» Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն էր (CHP), որ սահմանեց այս «Ճիզիա-kafir [անհաւատ] հարկը», Թուրքիոյ ոչ մահմետական քաղաքացիներու վրայ»:
Թուրք լրագրող Պուլութ եզրափակած է. «Թուրքիոյ հիմնադիրները եւ գաղափարախօսները, 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնելէն ի վեր, քարոզած են խտրական եւ թրքական գերազանցութեան մտածողութիւն, զոր ինքզինք բացայայտած է՝ «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» կարգախօսով: Բոլոր յաջորդ կառավարութիւնները գիտակցաբար փորձած են կեանքի կոչել այս կարգախօսը՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքը վերածելով դժոխքի, երկրի վրայ։ Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան կառավարութեան յարձակապաշտական քաղաքականութիւնը ընդդէմ ոչ մահմետականներու՝ պարզապէս այս մտածելակերպի շարունակութիւնն է»։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէի վերածեց՝
Սեդա Գրիգորեան