Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանին մէջ հարիւրաւոր գործարաններ բանիլ սկսած են 2019-էն սկսեալ:
Ըստ Շէյխ Նաճճար շրջանի տնօրէն Հազէմ Աճճանի, 2019-ին գործարաններուն թիւը հասած էր 210-ի, իսկ 2020-ին՝ կը նախատեսուի հասնիլ 265-ի: Մեծամասնութիւնը վերաշինութեան ընթացքի մէջ է:
Յիշենք, որ Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանը կը գտնուի Հալէպի հիւսիսարեւելեան բաժինին մէջ: Անոր բացումը տեղի ունեցած էր 2004-ին: Սուրիական տագնապէն առաջ ան կ’ընդգրկէր 1250 հաստատութիւն եւ աշխատանք կ’ապահովէր 42.000 քաղաքացիի: