Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ արդիւնաբերական գրասենեակներու միութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ֆարէս Շիհապի յայտնեց, որ Սուրիոյ առեւտրական հաստատութիւնը միակ դրական միջամտութեան միջոցն է ներկայիս, սակայն ան ներքին աղէտալի իրավիճակի մէջ կը գտնուի եւ արմատական բարեփոխումի կարիք ունի:
Հաստատութիւնը կը տառապի ահաւոր վնասներէ եւ պարտքերէ, պիւտճէի անհաւասակշիռ կուտակումներէ, վարչական ժխտական միջամտութենէ եւ բազմաթիւ սահմանափակումներէ:
Շիհապի Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին եւ Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Աթէֆ Նատտաֆի ներկայութեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է Սուրիոյ առեւտրական հաստատութեան շուկայի մրցակցութեան մէջ մտնել, երբ ապրանքը ուղղակի արտադրող կողմերէ գնելու փոխարէն՝ վաճառականներէ կը գնէ»:
Ան եզրափակելով ըսաւ. «Ցաւ ի սիրտ, Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի նախարարութիւնը Սուրիոյ Առեւտրական հաստատութիւնը զարգացնելու ծրագիրներ չունի»: