Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ Հաղորդակցութեան Ընկերութիւնը յայտնեց, որ շուրջ 487 պաշտօնեայի կարիք ունի Սուրիոյ տարբեր նահանգներու իր մասնաճիւղերէն ներս:
Դիմողները պարտին ունենալ Հալէպի Պետական Համալսարանի տնտեսագիտութեան, իրաւաբանութեան, երկրաչափութեան, համակարգչային գիտութեան եւ ելեկտրականութեան չափագիտութեան ճիւղերու վկայական, կամ առեւտրական, ֆինանսական, վարչական աշխատանքներու կառավարման, ելեկտրականութեան, համակարգչային գիտութեան ուսումնարաններու եւ կամ երկրորդականի Պաքալորիայի վկայական:
Դիմողները կրնան ներկայանալ ընկերութեան գրասենեակները Փետրուարի 7-9: