«Արմէնփրէս».- ՀՀ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բնակչութեան համար մարդասիրական մէկայլ ծրագիր մը գործի դրուած է, որ կը կրէ «Մի բուռ ժպիտ» խորագիրը:
Նախաձեռնութեան նպատակը նախ մարդոց միաւորելն է` անկախ հեռաւորութենէն, մշակութային, լեզուական ու կրօնական տարբերութիւններէն: Մարդիկ իրենց հոգատարութիւնն ու ջերմութիւնը կը փոխանցեն նուէրներու միջոցով: «Մի բուռ ժպիտ» շարժումին միացած են «հայկական Քարիթաս ե բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը (առաքած է քանի մը տասնեակ դպրոցական պայուսակներ)» «լենտեքս» ՍՊԸ-ն (առաքած է սեփական արտադրութեան գուլպաներ)» «Գնթունիք» ՍՊԸ-ն (առաքած է սեփական արտադրութեան քաղցրեղէն), «Արմսուիթ» ՍՊԸ-ն (առաքած է սեփական արտադրութեան քաղցրեղէն) » «Մանկան» ՍՊԸ (առաքած է այլազան խաղալիքներ, իսկ Կիւմրիի Երիտասարդական պալատի սաները իրենց պատրաստած նուէրներն ու նամակները առաքած են:
Այլ ընկերութիւններ եւս միացած են նախաձեռնութեան: Նուէրները սուրիացիներուն պիտի փոխանցուին Փետրուարին: