«Փանորամա».- Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան՝ պատասխանեց Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին պատճառով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բարկութեան, որուն արձագանգած էին յատկապէս Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը եւ նախագահին օգնականը։
Աննա Նաղդալեան նախ ընդգծեց, որ Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնց արձագանգեց միջազգային մամուլը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ հրապարակել բազմաթիւ հրապարակումներ, որոնք կ՛անդրադառնան Պաքուի հայկական համայնքին բարբարոսական ոչնչացման:
«Ցաւօք, այս տարի եւս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շարունակեցին ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով Պաքուի մէջ 30 տարի առաջ տեղի ունեցած հակահայկական ջարդերու կազմակերպիչներուն եւ այդ ջարդերը իրականացնողներու գործողութիւններուն արդարացումը: Աւելին, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ անօգնական մարդոց հանդէպ հաշուեյարդար տեսած ջարդարարները հերոսներ համարուեցան՝ որպէս «շահիտ»ներ, իսկ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը մեղադրեց հայերը Սումկայիթեան եղեռնագործութեան համար», յայտնեց ան։
Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական կողմը կ՛որդեգրէ բոլոր ոճրագործներուն բնորոշ գործելակերպը՝ զոհերը մեղադրելով ոճրագործութեան մէջ եւ ժխտելով խաղաղ պայմաններու մէջ անզէն մարդոց հրապարակային եւ համակարգուած ոչնչացման իր պատասխանատուութիւնը:
«Սա անգամ մը եւս աներկբայօրէն կ’ընդգծէ, որ որեւէ պարագայի, հայ ժողովուրդի որեւէ հատուածի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը չի կրնար վստահուիլ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն: Ակնյայտ է, որ Արցախը, որեւէ պարագայի, չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար մնալ առանց պաշտպանութեան ու անհրաժեշտ անվտանգութեան գիծերու», շեշտեց Աննա Նաղդալեան։