Լալկան Մինասը շատ փխրուն սիրտ ունի: Մեծ թէ փոքր դժուարութեան դիմաց ոչ միայն ինք կու լայ, այլ ամբողջ շրջապատը լացնելու համար ձեռքէն եկածը կ’ընէ:
Լացաւ, ազդուեցանք, սպասեցինք, որ գործի մը ձեռնարկէ այս լալկանութենէն անդին բան մը ընելու եւ իր վիճակը բարելաւելու համար, գոնէ իր շրջապատին ներդրում մը բերելու համար:
Բայց լալկան Մինասը ըսաւ, որ լալը աւելի դիւրին է, չլացողին կաթ չկայ: Անոր համար ամէն օր պիտի լաս ու ողորմութիւն խնդրես, որպէսզի հաւատան ու օգնեն:
Լալկան Մինասին ըսինք, որ օգտակար դարձողները աշխատանք կ’ակնկալեն քեզմէ, ուրեմն աշխատէ՛, փորձէ՛ գոնէ յուսահատ վիճակդ փոխանցիկ չդարձնել, աշխատանքի վարժեցուր միջավայրդ, օրինակներ կան շուրջդ, դիտէ՛, սորվէ՛:
Լալկան Մինասը ըսաւ. «ինչո՞ւ աշխատիլ, եթէ լալով դրամ շահիլը աւելի դիւրին է»:
Լաւ, Մինա՛ս, ըսինք,- դժգոհ ես, ինչո՞ւ կը շարունակես ապրիլ այս միջավայրին մէջ ու «եկէք, մեզ ազատեցէք» կը գոռաս, երբ մեկնելու պատճառները դուն իսկ կը թուես:
Դուրսը չեմ կրնար լալ, չեն օգներ, պիտի գիտնաս թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՛ս պիտի լաս ու լացնես:
Լա՛ց, եղբայր, լա՛ց, բայց լացն ու ամէն բան երկինքէն սպասելն ալ մեզի յատուկ մտայնութիւն դարձնելու ճիգի չվերածես:
Փշակն