Իսկ սե­փա­կան ան­ձի ար­տա­ցոլ­ման հա­մար 
Ձեզ հա­յե­լի պէ՞տք է 
Ինձ հա­յե­լի պէտք չէ 
Ռե­տի­նի պէս ձգուող վայրկ­եան­ներ կան, 
Երբ ինձ տես­նում եմ ես առանց հա­յե­լու էլ՝ 
Ծա­ռաբ­նի՛ վրայ, 
Քո ափի՛ մէջ,
Նա­եւ ինք­նա­հա­ւան ինք­նա­հո­սիս ծայ­րի՛ն… 
Պա­րոյր Սե­ւակ 
Մխիթարուինք. դեռ հայերէն կարդացողներ եւ հարցում ընողներ կան: Հեռաւոր քաղաք բնակող վաղեմի ծանօթ մը հեռաձայնեց եւ ըսաւ. Կարելի՞ է ըլլալ կուսակցական եւ հրապարակագիր: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար սահմանել կուսակցականը, անոր հունով՝ կուսակցութիւնը: Ապա սահմանել նաեւ հրապարակագիրը, անոր դերը եւ ճշդել անոր պարտաբանութիւնը (deontology): Կուսակցականը մաս կը կազմէ որոշ գաղափարներու իրականացման ձգտող յանձնառու անձերու հաւաքականութեան (անոնց շուքին ծուարած շահախնդիրներ ալ կան): Հետապնդուած նպատակը քաղաքական իշխանութեան տիրացումն է, կազմակերպելու համար ընկերութիւնը՝ ըստ դաւանուած եւ հաւաքաբար ընդունուած սկզբունքներու եւ առաջադրանքներու: Հրապարակագիրը կը գրէ (եւ կը խօսի) հանրութիւնը լուսաբանելու եւ զայն տեղեակ պահելու համար սկզբունքային եւ այլ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական խնդիրներէ, իրականութեան բաւարարութեան եւ անբաւարարութեան մասին կ’արտայայտուի, կը լուսաբանէ, իր հայեցողութեամբ աւելի լաւը եւ ճիշդը առաջադրելով: Ի հարկէ, կուսակցութեան անդամը, հաւատալով որոշ արժէքներու, ըստ այնմ կը տեսնէ աշխարհը եւ կը դատէ երեւոյթները: Բայց այս պատճառ չէ, որ ան հրաժարի մտածելու անկախութենէ եւ վերանորոգուելու ցանկութենէ, ինչ որ յառաջդիմութեան ազդակ է իր պատկանած կուսակցութեան եւ ընդհանրապէս ընկերութեան համար: Մանաւանդ որ ընկերութիւններ, հետեւաբար նաեւ կուսակցութիւնները, պատշաճելու համար իրականութեան եւ նոր իրադրութիւններու, պարտաւոր են տեւաբար քննարկումներ կատարել: Եւ քանի որ ոչ ոք անսխալական է, յառաջդիմութեան, վերանորոգման եւ յաջողութեան համար կենսական է քննական մօտեցումը: Մինչեւ հոս վիճելի հարց չկայ: Կամ պէտք չէ ըլլայ: Հարց կը ստեղծուի, երբ ծանուցում-քարոզչութիւն եւ հրապարակագրութիւն կը շփոթուին, երկրորդը դարձնելով միջոց առաջինին համար, գործիք: Այսինքն հրապարակագրութիւնը կը դառնայ ապսպրանք, ինչպէս որ էր խորհրդային օրերու ագիտ-պրոպը: Նոյն հունով, հրապարակագիրը կը դառնայ ոչ թէ ազատ մտածող, այլ ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել՝ խօսափող: Կ’ենթադրեմ, որ վաղեմի բարեկամիս ուղղած հարցման ետին գտնուող մտավախութիւնը այս վտանգին կը վերաբերի. անհոգի խօսափող ըլլալու տխրութեան: Ինչ ալ ըլլան իր համոզումները, հրապարակագիրը իր ժամանակի հանդիսատես վկան է, եւ վկայողը, յարգելի է՝ երբ իր խօսքը անկաշառ եւ առարկայական է, նոյնիսկ երբ ան համապատասխան է իր եւ այլոց համոզումներուն, կամ կը հակադրուի յանձնառութիւններու, ընդունուածի հունով չ’ընթանար, կարգախօս չի կրկներ, թութակ չէ: Այսինքն իր խօսքը ապսպրանք չէ, հաճոյակատարութիւն չէ, իր գրիչը վարձու չէ տուած: Այդ խօսքը կրնանք բաժնել կամ չբաժնել: Բռնակալական վարչաձեւերը հրապարակագիրին կը պարտադրեն «Տիրոջ ձայնը»ը ըլլալ, լրատուամիջոցները կը ծառայեցնեն գովերգութեան, արդարացումներու, այդ ընելու համար կը դիմեն ամբոխավարութեան եւ ամբոխահաճութեան (populism), իրականութիւնները սեղմելով «սեւ եւ սպիտակ»ի զոյգ բեւեռացումներուն մէջ, որ կը յանգի այն պարզացման, որ «ով որ ինծի հետ չէ ինծի դէմ է»: Սեւ եւ ճերմակ: Առաջին աշխարհամարտին զոհուած ֆրանսացի բանաստեղծ Շարլ Փէկիի միտքը առաջնորդող պէտք է ըլլայ ամբոխավարական սայթաքման փորձութեան ենթակայ հրապարակագրին: Ան ըսած է. «Ամբոխավարութեան յաղթանակը անցողակի է, բայց աւերակները յաւերժական են»: Այսինքն անմիջական եւ կողմնապաշտական հետաքրքրութիւններ բաւարարող հրապարակագիրը երբ կը խրի ամբոխավարութեան մէջ, կրնայ անմիջական յաջողութիւններու հասնիլ, բայց անոնց հետեւանքները կրնան աւերիչ ըլլալ, երբ ամբոխը կը զգայ եւ կը հասկնայ որ խաբուած է: Քիչ մը ամէն տեղ, քաղաքական մարդիկ կամ ընկերութիւններու պատասխանատուներ, իրենց գրաւոր խօսքը կ’ապսպրեն գրիչի մը: Նախագահներ եւ ղեկավարներ կ’ունենան իրենց խորհրդականները եւ գրիչները, որոնք տարբեր հարցերու մասին, ըստ ընդունուած կամ թելադրուած վարքագիծի, կը խմբագրեն առաջնորդին խօսքը, ընկերաքաղաքական տարբեր հարցերու մասին: Արեւմտեան երկիրներու մէջ այդ գրիչները կը կոչեն «negro», բառացի թարգմանութեամբ՝ խափշիկ, այսինքն՝ ստրուկ: Անոնք հին Յունաստանի իմաստակներուն պէս (սոփեստ, sophistes), կրնան խմբագրել ապսպրուած խօսքը, այդ ըլլայ թէ ոչ իրենց համոզումը: Գրիչներ ունին ժողովրդավարական վարչաձեւերու ղեկավարները եւ անոնցմէ տարբերող ինքնակալները (թագաւորներ, բռնակալներ), որոնք ուրիշի գրածը կը բեմադրեն, որպէս իրենց պակսող լուսապսակ: Ազնիւ հրապարակագրին առաքինութիւնը առարկայականութիւնն է, առանց որուն ան կը դառնայ իմաստակ (sophiste): Այդ առարկայականութիւնը պէտք է ծառայէ լուսաբանելու, ճամբացոյց ըլլալու, յստակացումներու, անկախաբար պատկանելիութիւններէ: Այսինքն հրապարակագիրը, իրապէս լսուելու համար, պէտք է ունենայ ճշմարտութեան առաքինութիւնը, միւսին եւ ուրիշին ըսելու համար որ իրենք ալ ճիշդ են, իրաւունք ունին, եթէ հիմնաւոր կերպով այդպէս են: Հետեւաբար, հարցը կը վերաբերի հրապարակագիրի մարդկային եւ մտաւորական որակին, ան կուսակցական ըլլայ կամ ոչ:
Քաղաքական գործիչը, հրապարակագիրը, ընդհանրապէս քաղաքացին, որուն համար կան առաջին երկուքը, պարտք պէտք է համարեն գիտնալ, ինչ որ ըսած է Միացեալ Նահանգներու մեծ նախագահ Աբրահամ Լինքըլնը. «Կարելի է մարդ մը տեւաբար խաբել: Կարելի է ամէնքը խաբել ժամանակ մը: Բայց կարելի չէ ամէնքը խաբել տեւաբար»: Ժողովուրդներու բնատուր ողջախոհութիւնը վաղ թէ ուշ կ’արթննայ, եւ անոնք կ’ըմբոստանան: Եւ քանի որ կուսակցութեան մը անդամակցիլ կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ հանրային ծառայութեան, ծառայել բարիին եւ լաւին, պէտք է գիտնալ, որ խաբէութիւնը անճիշդ ուղի է, առաջին հերթին՝ ինքնանուաստացում է: Այս մտորումներով պէտք է դիմագրաւել կուսակցական հրապարակագիրին դերը եւ առաքինութիւնը, զորս եթէ ան չունի անարժան կուսակցական է եւ ապիկար հրապարակագիր: Թէեւ մարդկութիւնը, անցեալին եւ այսօր միշտ հակուած է իր անմիջական պահանջներուն եւ երազներուն բաւարարութիւն տուող ականջի լաւ հնչող խոստումներու, բայց որ կը խաբուի եւ կ’արթննայ: Այդպէս եղած են յեղափոխութիւնները եւ անոնց հետեւող առաւել կամ նուազ ծանրակշիռ յուսախաբութիւնները: Նիքոլա Մաքիաւէլի այս կացութեան անդրադարձած է, հատու խօսքով. «Մարդիկ այնքան լաւ կը հպատակին անմիջական պահանջներու, որ խաբողը միշտ կը գտնէ խաբուելու պատրաստ մէկը»: Այս մարդկային հասարակաց ախտի քննադատութիւնը եւ կարելի սրբագրութիւնը գործն է իրաւ մտաւորականին, հրապարակագիրին եւ արժէքներու ու իտէալի յանձնառու կուսակցականին, եթէ անոնք կը հաւատան իրենց հանրային ծառայութեան առաքելութեան: Ո՛չ խաբել եւ ոչ խաբուիլ: Եւ ընկերութիւնը կ’ազնուանայ, կ’ազատագրուի Հոպզի «Մարդը մարդուն գայլն է» հակամարդկայնական (չ)իմաստութենէն: Ի՞նչ եզրակացնել եւ ինչպէ՞ս, պատասխանելու համար ընթերցող վաղեմի բարեկամիս հարցումին: Հրապարակագիրը, ան ըլլայ կուսակցական կամ ոչ, ընդհանրապէս հանրային մարդը, քիչ մը անդին երթալով՝ նաեւ շարքային քաղաքացին, պէտք է ունենայ իր պարտաբանութիւնը (deontology). չխաբել, չխաբուիլ, ծառայել, չըլլալ խօսափող: Այս պարտաբանութենէն զուրկ, զայն անգիտացող հանրային դէմքը, շահախնդրուած կեղծաւոր մըն է, որ օր մը դիմակազերծ կ’ըլլայ, կամ զինք դիմակազերծ կ’ընեն:
Յ. Պալեան